Նախարար Լոքեան ընդունած է <<Արմինիըն Թեքնոլոճի Կրուփ>> հիմնարկի ներկայացուցիչները

By Asbarez | Wednesday, 01 June 2016

0601tecgroup

ԵՐԵՒԱՆ -  Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան 31 Մայիսին ընդունած է <<Արմինիըն Թեքնոլոճի Կրուփ>>  հիմնարկի խորհուրդի նախագահ Ճէյմզ Ռէյնոլտզի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին հիմնարկի գործադիր տնօրէն Վարուժան Տէր Սիմոնեան, հայաստանեան մասնաճիւղի ղեկավար Գագիկ Մկրչտեան եւ այլ անձեր:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հիմնարկի միջոցներով Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր մարզերու առանձին տարածաշրջաններուն մէջ իրականացուող ծրագիրներու ընթացիկ արդիւնքները, հետագայ համագործակցութեան զարգացման ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ հարցեր:

 



comments