Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայերը շնորհակալութիւն կը յայտնեն

By Asbarez | Thursday, 02 June 2016

0603thanks1

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.¬ Գերմանիոյ պունտեսթակի մէջ 2 Յունիսին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունումէն ետք, նիստի դահլիճին մէջ գտնուող հայերը իրենց շնորհակալութիւնը յայտնող պաստառներ բարձրացուցած են: Գրութիւններէն բացի, խորհրդարանին մէջ անոնք բարձրացուցած են Հայաստանի դրօշը:

0603thanks

Որոշումի հրապարակումէն ետք Պերլինի մէջ հաւաքուած հայերը քոչարի պարած են՝ ծածանելով Եռագոյնը: Հայերուն ուրախութիւնը կիսած են նաեւ հաւաքուած քիւրտերը, որոնք թրքերէնով բղաւած են. <<Կեցցէ՛ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը>>, <<Ի հեճուկս բոլորին, բոլորս հայ ենք>>:

 

 


comments