By Asbarez | Friday, 03 June 2016

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշումին իբրեւ անմիջական բողոք ու հակազդեցութիւն, Անգարա բանաձեւին վաւերացումէն երկու ժամ ետք միայն տուն կանչեց Գերմանիոյ մօտ իր դեսպանը:
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, թէ Պերլինի այս որոշումը <<անընդունելի է>> Թուրքիոյ համար: <<Մենք տուն կանչած ենք Պերլինի մեր դեսպանը՝ խորհրդակցութիւններու նպատակով: Մեր անցեալին մէջ չկայ որեւէ իրադարձութիւն, որուն համար չկարենանք պատասխան տալ>>, ըսած է ան։
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Քենիայէն արձագանգած է Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշումին։ Ըստ թրքական <<Անատոլու>> լրատու գործակալութեան՝ Էրտողան ըսած է. <<Գերմանիոյ խորհրդարանի այդ բանաձեւը, ըստ էութեան՝ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն վրայ լուրջ ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Վերադառնալէ ետք մենք պիտի տանք անոր գնահատականը եւ պիտի ձեռնարկենք բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն>>։
ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>>.- Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշումին իբրեւ անմիջական բողոք ու հակազդեցութիւն, Անգարա բանաձեւին վաւերացումէն երկու ժամ ետք միայն տուն կանչեց Գերմանիոյ մօտ իր դեսպանը:
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, թէ Պերլինի այս որոշումը <<անընդունելի է>> Թուրքիոյ համար: <<Մենք տուն կանչած ենք Պերլինի մեր դեսպանը՝ խորհրդակցութիւններու նպատակով: Մեր անցեալին մէջ չկայ որեւէ իրադարձութիւն, որուն համար չկարենանք պատասխան տալ>>, ըսած է ան։
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Քենիայէն արձագանգած է Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշումին։ Ըստ թրքական <<Անատոլու>> լրատու գործակալութեան՝ Էրտողան ըսած է. <<Գերմանիոյ խորհրդարանի այդ բանաձեւը, ըստ էութեան՝ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն վրայ լուրջ ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Վերադառնալէ ետք մենք պիտի տանք անոր գնահատականը եւ պիտի ձեռնարկենք բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն>>։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ