Ձիթենիի ճիւղ չենք երկարեր Թուրքիոյ. Լաւրով

By Asbarez | Friday, 03 June 2016

0603Sergey_Lavrov

ԱՆԳԱՐԱ, <<Անատոլու>> - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման համար Մոսկուա ձիթենիի ճիւղ պիտի չերկարէ Անգարային՝ կրկնելով, որ ռուսերը կը սպասեն, որ Անգարա ներողութիւն խնդրէ ռուսական օդանաւի զգետնումին հարցով։

Լաւրով, այս ըսելով, կը պատասխանէր հարցումի մը, որ հիմնուած էր թուրք պաշտօնատարներու այն պնդումներուն վրայ, թէ Ռուսիա ձիթենիի ճիւղ կ՛երկարէ Թուրքիոյ։ <<Թուրքիա ի՞նչ բանի ապաւինելով կ՛ըսէ ատիկա։ Մեր ըսել ուզածը այն է, թէ Թուրքիա պէտք է ներողութիւն խնդրէ եւ գործուած պատերազմական յանցանքին համար հատուցանէ գոյացած կորուստները>>, աւելցուց ան։

 



comments