Ալիեւ Գերմանիա կ՛այցելէ

By Asbarez | Tuesday, 07 June 2016

0607azr germ

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ աշխատանքային այցով մը Յունիս 6ին ժամանեց Գերմանիա, ըստ Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան:

Աւելի կանուխ, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարած էր, թէ Ալիեւի հետ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ երկկողմանի եւ շրջանային շարք մը հարցերու շուրջ։

 



comments