<<Անցնող օրերուն աւելի քան 700 ընտանիքներ հեռացած են Հալէպէն>>. Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան

By Asbarez | Wednesday, 08 June 2016

0000ALEPPO

Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան կը յայտնէ, թէ Հալէպի մէջ մնացած հայութիւնը յայտնուած է ծայր աստիճան բարդ դրութեան մը մէջ. անցնող օրերուն ամբողջ Հալէպը ու նաեւ անոր հայկական թաղամասերը ծանր հրթիռարձակումներու ենթարկուած են այսպէս կոչուած <<խաղաղասէր>> ընդդիմութեան կողմէ:

Հալէպահայ հոգեւոր առաջնորդը նաեւ ըսած է, թէ ընդդիմադիր շրջանակներ բացայայտ օժանդակութիւններ կը ստանան Թուրքիայէն, եւ այդ մասին կը խօսին BBC կայանին նման հեղինակաւոր լրատուական միջոցներ։ Ան կ՛աւելցնէ, թէ հալէպահայութեան համբերութիւնը կը գտնուի շատ փխրուն դրութեան մը մէջ, եւ եթէ այս իրավիճակը շարունակուի, ապա շատ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ հալէպահայութեան վրայ: Վերապատուելին նաեւ դիտել տուած է, թէ իր ունեցած տուեալներով՝ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին աւելի քան 700 ընտանիքներ հեռացած են Հալէպէն:


comments