By Asbarez | Wednesday, 08 June 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմռադիօ>> - Նախագահ Սերժ Սարգսեան <<Եւրոպայի օրուան>> առիթով 7 Յունիսին այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան: Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փեօթըր Սվիթալսքին, Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ամբողջ անձնակազմը եւ ի դէմս անոնց՝ Եւրոպական Միութեան մեծ ընտանիքը <<Եւրոպայի օրուան>> կապակցութեամբ, մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն:
<<Աւելի քան վեց տասնամեակ է անցել այն օրուանից, երբ Եւրոպայի հիմնադիր հայրերից Ռոբերտ Շումանը հրապարակեց իր հռչակագիրը, որով հիմք դրուեց այսօրուայ Եւրոպական Միութեան կառուցման գործընթացին: Այս կարճ պատմական ժամանակահատուածում Եւրոպական միասնական ընտանիքի գաղափարն անցել է փորձաքննութիւն, ապացուցել իր կենսունակութիւնը եւ ի ցոյց դրել ժողովուրդների համատեղ ապրելու առաւելութիւնները: Ըստ էութեան, ԵՄի հեղինակութիւնն այսօր անցնում է իր աշխարհագրական սահմաններից շատ հեռու:
Ուրախ եմ, որ վերջին տարիներին մեր յարաբերութիւնները, քաղաքական շփումները բաւականաչափ ակտիւացել են, աւելի պարբերական են դարձել բարձրաստիճան փոխայցելութիւնները: Այս այցելութիւններն իրենց մէջ պարունակում էին բաւականաչափ գործնական քայլեր>>, ըսած է նախագահ Սարգսեան։
Ըստ անոր՝ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն նոր համապարփակ իրաւական փաստաթուղթին շուրջ բանակցութիւնները կ՛ընթանան յաջողութեամբ՝ յոյս յայտնելով, որ ողջամիտ ժամկէտներու ընթացքին փաստաթուղթը ստորագրուած պիտի ըլլայ, ինչ որ աւելի պիտի խթանէ առկայ համագործակցութիւնը:
Դեսպան Փեօթըր Սվիթալսքի իր եւ Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ ընդգծելով, որ <<Եւրոպայի օրուան>> տօնակատարութիւնը Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը կը նկատէ ընդհանուր տօն, եւ որ կ՛ուզէ նշել Հայաստանի եւ ընդարձակ Եւրոպական ընտանիքին հետ:
<<Գիւմրիէն մինչեւ Կապան, մինչեւ իրանեան սահման մենք կը կոչենք եւրոպական դարպասներ եւ մեր լաւագոյն ջանքը ի գործ կը դնենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու առումով: Մենք մեր յարաբերութիւնները կը նկատենք շատ լաւ, աշխոյժ կերպով զարգացող, բայց գիտենք, որ ա՛լ աւելի հարստացնելու ու զարգացնելու ներուժ ունինք>>, յայտնած է դեսպանը։
Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու դեսպանը քննարկած են նաեւ Հայաստանի-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան օրակարգին, ընթացիկ ծրագիրներուն եւ առաջնահերթութիւններուն վերաբերող հարցեր, անդրադարձած են Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է այդ բարեփոխումներուն Եւրոպական Միութեան մնայուն աջակցութեան համար:
Զրուցակիցները յոյս յայտնած են, որ իրենց միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման, փոխգործակցութեան խորացման ուղղութեամբ երկուստեք գործադրուող ջանքերը աւելի կը հարստացնեն երկկողմանի օրակարգը եւ նոր մակարդակի կը բարձրացնեն Հայաստանի-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ