By Asbarez | Thursday, 09 June 2016
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Գանձասար>> - Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Յունիս 7ին ճառ մը արտասանեց Սուրիոյ խորհրդարանի սահմանադրական երկրորդ նստաշրջանի առաջին նիստին ընթացքին՝ շեշտելով, որ Սուրիոյ ժողովուրդը անգամ մը եւս զարմացուց աշխարհը՝ աննախադէպ մասնակցութիւն բերելով Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, եւ աշխարհին պատգամեց, թէ որքա՛ն ծաւալին Սուրիոյ վրայ բանեցուած ճնշումները, Սուրիոյ ժողովուրդը այնքա՛ն աւելի ամուր պիտի կառչի իր ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան:
Ասատ ըսաւ, որ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը կը շարունակուի ոչ թէ այն պատճառով, որ <<մենք հակամէտ ենք պատերազմին, այս պարագային՝ մեզի պարտադրուած պատերազմին, այլ այն համոզումով, որ արիւնահեղութիւնը կանգ պիտի չառնէ, եթէ ահաբեկչութիւնը արմատախիլ չըլլայ>>: Ապա ան աւելցուց. <<Այնպէս, ինչպէս ահաբեկիչներուն ձեռքէն ազատագրեցինք Թատմորը (Փալմիրա), պիտի ազատագրենք Սուրիոյ հողի իւրաքանչիւր թիզ>>: Ան դարձեալ կոչ ուղղեց զանազան պատճառներով զէնք վերցուցած սուրիացիներուն՝ վար առնելու իրենց զէնքերը եւ մասնակցելու ազգային հաշտութեան գործընթացին:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող եւ Հալէպը հրթիռակոծող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն՝ նախագահը հաստատեց. <<Էրտողանի ազգայնամոլ վարչակարգը կը ծանրանայ Հալէպի վրայ, որովհետեւ Հալէպը Էրտողանի ծայրայեղ եղբայրականներու իսլամական ծրագիրին իրականացման վերջին յոյսն է, սակայն Հալէպի մէջ պիտի թաղուին այդ դահիճին երազներն ու յոյսերը>>:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն մտահոգ է Հալէպ նահանգին մէջ զինեալ բախումներուն աճով, որ կը սպառնայ փակել սուրիացիներուն մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու հիմնական ճամբաները: Նախարարութիւնը կողմերուն կոչ ուղղած է պահպանելու զինադուլը, յատկապէս՝ Ռամատանի ընթացքին:
Իր կարգին, Փենթակոնի բանբեր Փիթըր Քուք յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ հետ երկխօսութիւն կը կատարէ միայն Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու ապահովութեան ու զինադուլի հաստատման հարցին շուրջ: <<ՌԻԱ Նովոսթի>> կը նշէ, որ Փենթակոնի բանբերը այսպիսով պատասխանած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքովի այն յայտարարութեան, թէ Ռուսիա ու Միացեալ Նահանգներ օրական առնուազն երկու անգամ տեղեկատուութիւն կը փոխանակեն, ի միջի այլոց նաեւ՝ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարին մասին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ