By Asbarez | Saturday, 11 June 2016
ԱՆԳԱՐԱ, <<Էյ.Փի.>> - Բռնցքամարտիկ Մուհամմատ Ալիի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութեանց մասնակցելու նպատակով Միացեալ Նահանգներ մեկնած Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, քանի մը պատճառներով որոշած է կիսատ ձգել իր այցը եւ վերադառնալ Թուրքիա, առանց մասնակցելու Յունիսի 10ին կայացած թաղման արարողութեան։
Մինչ նախագահական գրասենեակը մերժած է բացատրել այս որոշումին դրդապատճառը, <<Տողան>> լրատու գործակալութիւնը գրած է, թէ պատճառներէն մէկը եղած է այն, որ թաղման կազմակերպիչները մերժած են Էրտողանին առիթ տալ, որ ելոյթ ունենայ թաղման արարողութեան ընթացքին, հակառակ անոր որ իր անունը նախապէս եղած է խօսողներու ցանկին վրայ։
Նաեւ, Էրտողան փափաքած է յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին Մեքքայէն բերուած կրօնական ծածկոց մը դնել դագաղին վրայ, սակայն կազմակերպիչներէն մէկը չէ արտօնած այդ մէկը, ինչ որ նեղացուցած է դիւրազգաց Թուրքիոյ նախագահը:
Առաւել, Էրտողան առաջարկած է, որ Թուրքիոյ Կրօնական վարչութեան պետը Քուրանէն հատուածներ ընթերցէ արարողութեան ընթացքին, սակայն այդ առաջարկը եւս մերժուած է:
Աղբիւրը կը տեղեկացնէ, որ այցելութեան ընթացքին նաեւ քաշքշուկ մը տեղի ունեցած է Էրտողանի թիկնապահներէն մէկուն եւ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան աշխատակիցի մը միջեւ, որ ըստ արարողակարգին՝ կը հսկէր Թուրքիոյ նախագահին ապահովութիւնը:
Դէպքին միջամտած այլ աշխատակիցներու ջանքերուն շնորհիւ, կարելի եղած է խուսափիլ ծեծվռտուքէ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ