Թրքական արմատներով Գերմանիոյ նախարարը կը պաշտպանէ Ցեղասպանութեան բանաձեւին զօրակցելու որոշումը

By Asbarez | Saturday, 11 June 2016

 

0611ozoguz

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Գերմանիոյ գաղթականութեան ու համարկումի հարցերով նախարար Այտան Էօզօղուզ, որ թրքական արմատներ ունի, գերմանական <<Տոյչէ Վելլէ>> լրատուականի թրքական ծառայութեան հարցազրոյց մը տալով՝ խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ գաղթականներու վերաբերեալ ստորագրուած համաձայնագիրին հաւանական առկախման մասին։

Լրագրողը շեշտեց, թէ գերմանաբնակ թուրքերուն մէկ մասը, հպատակութիւն չունենալուն պատճառով, չի՛ կրնար ուղղակիօրէն մասնակցիլ քաղաքական կեանքին, ուստի յոյսը կապած է թուրք երեսփոխաններուն, սակայն Յունիս 2ի քուէարկութենէն ետք այդ թուրքերը հիասթափութիւն ապրեցան։ Այս դիտարկումին փոխադարձելով՝ Էօզօղուզ ըսաւ հետեւեալը. <<Ըստ իս, մենք՝ որպէս երեսփոխաններ, արտայայտեցինք մեր տեսակէտները։ Ոմանք չմասնակցեցան քուէարկութեան, ոմանք ալ նոյնիսկ ելոյթ չունեցան։ Կը հասկնանք, որ թուրքերուն համար ասիկա զգացական հարց է, բայց անկարելի է ակնկալել, թէ բոլորը պէտք է նոյն տեսակէտը պաշտպանեն։ Այս բանաձեւը վաւերացուեցաւ երկարատեւ ուսումնասիրութիւններէ եւ քննարկումներէ ետք։ Կրնաք տարբեր կարծիքներ ունենալ, կրնաք քննադատել, սակայն ճիշդ չէ սպառնալ ու վիրաւորել այն անձերը, որոնք հակառակը կը խորհին>>։

Լրագրողը Էօզօղուզի հարցուց նաեւ, թէ ան ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը, եւ թէ այդ համապատկերին վրայ ինչպէ՞ս պիտի դասաւորուի գաղթականներու համաձայնագիրին հետագայ ճակատագիրը։ Էօզօղուզ պատասխանեց, որ Գերմանիա իր կեցուածքը չէ փոխած համաձայնագիրին նկատմամբ, սակայն այժմ դժուար է ըսել, թէ Թուրքիա ի՛նչ կը պատրաստուի ընելու իր պարտաւորութիւններուն գծով։

 



comments