By Asbarez | Tuesday, 14 June 2016
ՊԱՂՏԱՏ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրաքի Ֆալուժա քաղաքի ազատագրման գործողութիւններու հրամանատար Ապտըլ Ուահապ Սահատի Յունիս 13ին հաղորդեց, թէ շրջափակուած քաղաքէն փախուստ տուող աւելի քան 450 զինեալներ ձերբակալուած են, մինչ ապահովական ուժերը կը փորձեն քաղաքացիներու ապահով ելքը երաշխաւորել։
Իրաքեան ուժերը մէկ օր առաջ մուտք գործած էին Ֆալուճայի արուարձանները։ Քաղաքը մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր գրաւուած էր <<Իսլամական պետութեան>> զինեալներուն կողմէ:
Սահատի յայտնեց, որ իրաքեան բանակը, ոստիկանութիւնը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուժերը հարաւարեւելեան Ֆալուճայի Շուհատա թաղամասը ամբողջութեամբ իրենց վերահսկողութեան տակ առած են, եւ աւելցուց, որ շիի Ժողովրդային զօրախումբի ուժերը չեն մասնակցիր քաղաք մուտք գործելու գործողութեան, որ վերապահուած է միայն իրաքեան ապահովական ուժերուն:
Արեւմտեան Իրաքի մեծագոյն նահանգի՝ Անպարի կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկը հանդիսացող Ֆալուճայի ազատագրման գործողութիւնը շղթայազերծուած էր Մայիս 23ին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ