By Asbarez | Tuesday, 14 June 2016
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Էյ.Փի.>> - Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Յունիս 13ին յայտարարեց, թէ Օրլանտոյի մէջ 50 զոհ խլած զինեալ յարձակումը կը հետապնդուի իբրեւ ահաբեկչական արարք մը, սակայն աւելցուց, թէ նախնական տուեալները ցոյց չեն տար, որ անիկա արտաքին ուժերու կողմէ առաջնորդուած յարձակում մըն էր կամ աւելի ընդարձակ ծրագիրի մը մաս կը կազմէր։ Ըստ Օպամայի՝ ենթական արարքին դիմած էր ծայրայեղական համացանցային կայքերու ազդեցութեան տակ։
Նշենք, որ Օրլանտոյի մէջ, միասեռականներու <<Փալս>> սրահին մէջ տեղի ունեցած զինեալ յարձակումին հետեւանքով, վիրաւորուեցան նաեւ աւելի քան 50 ուրիշներ, որոնց մէկ մասը ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի։
Զինեալը Միացեալ Նահանգներ ծնած՝ աֆղան արմատներով քաղաքացի մըն էր, որ բազմաթիւ անձեր պատանդ բռնելէ ետք սպաննուած էր ապահովական ուժերուն կողմէ:
Յարձակումը, որուն պատասխանատուութիւնը աւելի ուշ ստանձնեց <<Իսլամական պետութիւն>>ը, իր տեսակին մէջ ամենամահացուն էր Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ:
Կը հաղորդուի, որ զինեալը ոստիկանութեան հեռաձայնելով՝ իր հաւատարմութիւնը յայտնած է <<Իսլամական պետութեան>>։
Նշենք, որ Սանթա Մոնիքայի մէջ եւս ձերբակալուեցաւ կասկածելի մը, որուն ինքնաշարժին մէջ զէնքեր եւ պայթուցիկ նիւթեր գտնուեցան։ Կը կարծուի, թէ անոր թիրախը Լոս Անճելըսի միասեռականներու տարեկան փառատօնն էր, որ տեղի ունեցաւ Յունիս 12ին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ