By Asbarez | Tuesday, 14 June 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Գիւմրին արդէն կը պատրաստուի Հռոմի Ֆրանսիս պապին Հայաստան այցելութեան. անիկա պիտի սկսի 24 Յունիսին եւ պիտի ըլլայ բաւական յագեցած օրակարգով։ Այս մասին հաղորդած է <<Վատիկանի Ռատիօ>>ն, որուն աշխատակիցները արդէն այցելած են Գիւմրի: Անոնք այցելած են Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան <<Տիրամայր Հայաստանի>> կուսանոց, ուր <<Վատիկանի Ռատիօ>>ի աշխատակիցները յայտնած են, որ պապին համար յատուկ երգեր կը պատրաստուին: <<Ատիկա մեծ երջանկութիւն է մեզի համար>>, ըսած են քոյրերը:
Նշենք, որ Հռոմի սրբազան քահանայապետին Հայաստան այցելութիւնը պիտի սկսի 24 Յունիսին եւ աւարտի 26 Յունիսին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ