By Asbarez | Thursday, 16 June 2016

Երկուշաբթի, 13 Յունիսի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառը, ընդունելով Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանն ու պետական երեսփոխան եւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Ժիրայր Ռէյիսեանը, շեշտեց <<վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով Սուրիոյ հայութիւնը վերականգնելու ձգտող աշխատանքները շարունակելու հրամայականը>>: Կաթողիկոսըը առաջին հերթին բարձր գնահատեց առաջնորդ սրբազանին նուիրեալ ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ երկրէն ներս ստեղծուած դժուար պայմաններուն մէջ։ <<Մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայելու կոչուած հայ հոգեւորականը հաւատքով եւ նուիրումով պէտք է իրագործէ իր առաքելութիւնը՝ մանաւանդ կեանքի ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ: Այս գիտակցութեամբ կը կազմաւորուի հայ հոգեւորականը Անթիլիասի մէջ: Ուրախ եմ, որ առաջնորդ սրբազանին կողքին մեր հոգեւոր հայրերը եւս նոյն նախանձախնդրութեամբ կը ծառայեն մեր ժողովուրդին՝ Սուրիոյ բոլոր շրջաններէն ներս>>, ըսաւ հայրապետը, որ նաեւ իր խոր գնահատանքը յայտնեց այն բոլոր աշխարհական պատասխանատուներուն, որոնք զանազան մարմիններու ճամբով իրենց կարելին կ՛ընեն հասնելու մեր ժողովուրդի կարիքներուն. ան մասնաւորաբար ողջունեց մեր ընտանիքներու ապահովութեան հսկող երիտասարդ տղաքը, որոնք ընտանիք ու գործ ձգած, մնայուն ներկայութիւն են մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, մի՛շտ պատրաստ՝ հասնելու մեր ընտանիքներու կարիքներուն:
Առաջնորդ սրբազանը եւ երեսփոխան Ռէյիսեան լայն զեկոյց տուին կաթողիկոսին ընդհանրապէս Սուրիոյ ներկայ կացութեան ու յատկապէս մեր գաղութի առնչուած խնդիրներուն մասին: Արամ Ա. կաթողիկոս թելադրեց անոնց, որ այս ուղղութեամբ նաեւ տեղեակ պահեն մեր ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի անոնք կարենան մօտէն հետեւիլ Սուրիոյ հայութեան թէ՛ դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ թէ վերականգնումի գծով տարուած աշխատանքներուն: Այս առիթով վեհափառը անգամ մը եւս շեշտեց սուրիահայութեան աջակցելու հրամայականը՝ զայն նկատելով համահայկական առաջնահերթութիւն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ