By Asbarez | Thursday, 16 June 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>>.– Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան Հայաստան պիտի այցելէ։
Ըստ աղբիւրին՝ 15 Յունիսին Արամ արք. Աթէշեան կը մեկնի Ռուսիա, հոնկէ՝ Հայաստան, ուր պիտի մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստերուն, ինչպէս նաեւ Հռոմի Ֆրանսիս պապին հայաստանեան այցելութեան առթիւ կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն:
Նշենք, որ Facebook-ի ճամբով կոչ հրապարակուած է՝ բողոքի ցոյցի հրաւիրելով, հանրութիւնը Արամ արք. Աթէշեանը <<Զուարթնոց>> օդակայանէն Պոլիս վերադարձնելու առաջադրանքով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ