By Asbarez | Friday, 17 June 2016
ՄՈՍԿՈՒԱ, <<ՌԻԱ Նովոսթի>> - Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին յղած շնորհաւորական նամակին պատասխանելու կարիք չկայ:
Մէկ օր առաջ Քրեմլին հաստատած էր, որ ստացած է Էրտողանի ուղերձը, որուն մէջ վերջինս Փութինը եւ բոլոր ռուսերը կը շնորհաւորէր Ռուսիոյ Օրուան առիթով եւ յոյս կը յայտնէր, որ Մոսկուայի ու Անգարայի յարաբերութիւնները բնականոնանան եւ հասնին <<արժանի մակարդակի>>:
<<Ազգային օրերու կապակցութեամբ այդպիսի ուղերձներու փոխանակում կը կատարուի աւանդաբար: Ատիկա արարողակարգային, սովորական գործելաոճ է միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ>>, ըսաւ Փեսքով, նշելով, որ կարիք չկայ պատասխանելու այս նամակին, <<որովհետեւ նամակը, դժբախտաբար, որեւէ խորքային կէտ չէր պարունակեր, եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վատթարացումը անպայմանօրէն շնորհաւորական նամակներու փոխանակման դադրեցում չի նշանակեր>>:
<<Թրքական կողմին հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար Մոսկուայի պահանջները պարզ ու հասկնալի են։ Ռուսիա եւս կը յուսայ ու կը փափաքի, որ յարաբերութիւններու բնականոնացում կատարուի։ Բայց ինչպէս Փութին յստակ կերպով յայտարարած էր, եթէ Անգարա անհրաժեշտ քայլերը չառնէ, յարաբերութիւններու բնականոնացումը անկարելի պիտի ըլլայ>>, ընդգծեց Փեսքով:
Ռուս ղեկավարները տարբեր առիթներով յայտարարած են, որ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու վերականգնման մասին կարելի է խօսիլ այն ատեն միայն, երբ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս ներում խնդրէ ռուսական <<Սու-24>> օդանաւը Սուրիոյ հողերուն վրայ զգետնելու քայլին համար եւ փոխհատուցէ օդանաւի անձնակազմի ընտանիքներուն:
Յատկանշական է, որ այս տեղեկութիւնը փոխանցած թրքական մամուլը լուրը այնպէս մը կը հաղորդէ, որ կարծես Փութին անձամբ պատասխանած ըլլայ Էրտողանի նամակին։
Միւս կողմէ, Անգարայի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլով Յունիս 15ին մասնակցած է Էրտողանի կողմէ սարքուած իֆթարի ճաշկերոյթին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ