By Asbarez | Friday, 17 June 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Հռոմի Ֆրանսիս պապը կոչ ուղղած է հաւատացեալներուն՝ աղօթելու Հայաստան կատարելիք այցելութեան համար: Այս լուրը հաղորդած է ansa.it–ը:
<<Կը խնդրեմ աղօթէք ինծի համար, ես քանի մը օրէն ուխտագնացութեան պիտի երթամ արեւելեան երկիր մը՝ Հայաստան, ժողովուրդներէն առաջինը, որ ստացաւ Յիսուսի Աւետարանը>>, ըսած է Հռոմի պապը <<Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան կազմակերպութիւններու վերամիաւորում>> (ROACO) կազմակերպութեան լսարանին:
Պապին ընկերակցող Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու միաբանութեան վերատեսուչ, կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի ըսած է, որ այս այցելութիւնը իւրայատուկ քայլ է՝ արտայայտելու հիացմունքը եւ նուիրուածութիւնը հայ ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ հանդէպ: Ան այս միտքը արտայայտած է իտալական <<Lastampa>>ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
<<Կը կարծեմ, որ այս այցելութիւնը նախ եւ առաջ հիացմունքի արտայայտման շարժառիթ է այն հին եկեղեցւոյ նկատմամբ, որ իր երկարատեւ պատմութեան ընթացքին հաւատարիմ մնացած է Յիսուս Քրիստոսին, ինչպէս նաեւ երկրի հանդէպ ունեցած նուիրուածութեան արտայայտութեան քայլ է. այն երկրին, որ դարձաւ առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը: Հռոմի պապը իր երախտագիտութիւնը եւ յարգանքը պիտի արտայայտէ այն ժողովուրդի հանդէպ, որ կազմաւորուած է քրիստոնէական ոգիով եւ կրցած է պահպանել իր հաւատքն ու ինքնութիւնը դարեր շարունակ: Այս այցելութիւնը նաեւ շատ կարեւոր է Սփիւռքի հայերուն համար>>, յայտնած է է կարտինալը:
Անոր համաձայն՝ իրեն համար հիացում կը պատճառէ այն իրականութիւնը, որ հայերը պատմութեան իւրաքանչիւր իրադարձութիւն յաղթահարած են քրիստոնէական ոգիով: <<Ազատութեան, թէ տառապանքի պահուն անոնք կրցած են այդ ոգիով առաջնորդուիլ: Այդ հաւատքը Հայաստանի ուժն է, որ կարելիութիւն տուաւ այդ քրիստոնեայ համայնքին՝ յաղթահարելու 20րդ դարու սարսափելի դժբախտութիւնները, որոնք կը վերաբերին 1.5 միլիոն քրիստոնեայ հայերուն: Այս ցաւալի իրադարձութիւններուն ձգած հետքը անջնջելի է>>, յայտնած է կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի:
Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործընթացին վրայ պապին այցելութեան ազդեցութեան վերաբերող հարցումի մը ի պատասխան՝ կարտինալը նշած է, որ կը հաւատայ, թէ այս այցելութիւնը նաեւ կարելիութիւն պիտի ըլլայ կոչ ուղղելու մարդկութեան եւ խրախուսելու զայն՝ մարդկութեան հիմնարար արժէքներու ամրապնդման կառչելու: <<Մերժել բռնութիւնը, ահռելի ցաւ պատճառող զէնքի օգտագործումը եւ յամառօրէն պայքարիլ խաղաղութեան հաստատման համար՝ դիւանագիտութեան, երկխօսութեան, հանդիպումներու եւ բանակցութիւններու միջոցով. ես կը հաւատամ, որ այս այցելութեան ընթացքին խաղաղութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ Կովկասը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ կամուրջ դարձնելու կոչ պիտի ուղղուի>>, ընդգծած է կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի:
Իսկ Հռոմի կաթողիկէ եւ Հայ առաքելական եկեղեցիներու փոխյարաբերութութիւններուն անդրադառնալով, կարտինալը բարեկամական բնորոշումը տուած է անոնց։ <<Կը կարծեմ, թէ Հռոմի պապին այցելութիւնը առաւել եւս պիտի ամրապնդէ երկու եկեղեցիներուն կապերը՝ հիմնուելով եղբայրութեան, ընկերութեան եւ փոխադարձ աջակցութեան վրայ, ինչ որ պիտի առաջնորդէ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան: Կ՛ենթադրեմ, որ այցելութեան ընթացքին պիտի պատրաստուի <<Ընդհանուր հռչակագիր>>, որ լուսարձակի տակ պիտի առնէ փափաքն ու կամքը՝ կառուցելու աւելի եղբայրական յարաբերութիւններ>>, եզրափակած է կարտինալ Լ. Սանտրի:
Հայաստանեան խորապատկերին վրայ, <<Նիուզ>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ տեղեկատուական համակարգի պատասխանատու Յովսէփ քահանայ Գալստեան յայտնած է, որ Հռոմի պապին մատուցելիք պատարագին մասնակցելու համար 15 հազար քաղաքացի արձանագրուած է։
<<Հրապարակի կենտրոնական հատուածը բաժանուելու է 5 սեկցիաների ու ամբողջ տարածքը արգելապատնէշուելու է: Դրանից ներս նստելու են նրանք, ովքեր արդէն ձեռք են բերել հրաւիրատոմսերը, իսկ միւսները կարող են արգելապատնէշներից այն կողմից հետեւել՝ ինչ կատարւում խորանի վրայ>>, յայտնած է Յովսէփ քահանայ Գալստեան՝ նշելով, որ նաեւ պիտի տեղադրուին հսկայ պաստառներ:
Խորանի տեղադրման աշխատանքները ընթացքի մէջ են: Անոր երկարութիւնը 26 մեթր է, բարձրութիւնը՝ 12:
<<Գագաթին խաչ է դրուած լինելու, մէջտեղում՝ սեղան: Պատարագը լինելու է լատինական ծէսի նման>>, բացատրած է ան՝ նշելով, որ խորանին դիմաց պիտի զետեղուի սահմանափակ թիւով նստարաններ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ