By Asbarez | Friday, 17 June 2016
ԵՐԵՒԱՆ,<<Փաստինֆօ>> - <<Էրեբունի>> պատմահնագիտական արգելոցի հնավայրին մէջ կը շարունակուին հայ-ֆրանսական հնագիտական խումբին կողմէ իրականացուող պեղումներու երկրորդ՝ աւարտական փուլի աշխատանքները:
Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, որ Երեւանի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Ռուբէն Յովհաննիսեանի եւ արգելոց-թանգարանի տնօրէն Գագիկ Գիւրջեանի ընկերակցութեամբ Էրեբունի հնավայր այցելած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանթիէ:
Հայ-ֆրանսական արշաւախումբի ֆրանսական կողմի ղեկավար Սթեֆան Տեշան՝ ներկայացնելով պեղումներուն ընթացքը, նշած է, որ աշխատանքներուն շնորհիւ բացուած է նոր խճապատ փողոց, յայտնաբերուած է ջրահեռացման համակարգի հատուածը: Բացի ատկէ, նշուած է, որ Խալդ աստուծոյ տաճարին հանդիպակաց սիւնազարդ սրահին մէջ բացայայտուած տարբեր ժամանակաշրջաններու հնագիտական շերտերը էական նշանակութիւն պիտի ունենան տաճարի վերականգնման համար:
Դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանթիէն շրջած է նաեւ թանգարանին մէջ, ծանօթացած ցուցանմոյշներուն եւ գրած թանգարանի պատուաւոր այցելուներու մատեանին մէջ: Գագիկ Գիւրջեան դեսպանին ներկայացուցած է Էրեբունի միջնաբերդի վերականգնման եւ այցելուներու սպասարկման բարելաւման ծրագիրը եւ մատնանշած, որ ֆրանսական կողմին հետ համատեղ իրականացուող պեղումները կարեւոր են հնավայրի գիտական ճանաչման ընդլայնման, ինչպէս նաեւ գտածոներու անվտանգ պահպանութեան համար: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ ֆրանսական կողմին հետ աշխոյժ ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական: Նշուած է նաեւ, որ թանգարանի այցելուներու կարգին վերջին տարիներուն աւելցած են ֆրանսացի զբօսաշրջիկները, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ կը ծանօթանան Էրեբունիի միջնաբերդին եւ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող մայրաքաղաքային քաղաքակրթութեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով արգելոցի տարածքը եւ թանգարանի ցուցանմոյշները ներկայացնելու համար՝ դեսպանը նշած է, որ առաջին անգամ ըլլալով թանգարան կ՛այցելէ, իսկապէս տպաւորուած է թէ՛ հնավայրին մէջ իրականացուող աշխատանքներով, եւ թէ թանգարանի ցուցադրութեամբ՝ հաստատելով, որ շատ կարեւոր է շուրջ երեքհազարամեայ պատմութեան վերհանումն ու միջազգային հարթակներու վրայ յաւուր պատշաճի ներկայացումը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ