By Asbarez | Saturday, 18 June 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - Ամերիկացի այն քոնկրեսականները, որոնք 2013ին Ատրպէյճանի կառավարութեան հովանաւորութեամբ Պաքու այցելած էին, այդ կառավարութեան վերադարձուցին իրենց ստացած թանկարժէք նուէրները, երբ դիտորդական խումբը յայտարարեց, թէ այդ ուղեւորութիւնը կը հակասէ ամերիկեան օրէնքներուն. այս մասին կը գրէ <<Հիլ>> թերթը:
Քոնկրեսի Բարոյականութեան վարչութեան համաձայն՝ օրին, Պաքուի մէջ համաժողովի մը մասնակցելու նպատակով Պաքու այցելած էին ներկայի Քոնկրեսի 9 անդամներ եւ անոնց 32 օգնականները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հազարաւոր տոլարներ արժող նուէրներ ստացած էր: Օրէնսդիրներէն ոմանք Պաքուէն մեկնած էին Թուրքիա, ուր եւս նուէրներ ստացած էին:
Ուղեւորութեան վերաբերեալ վարչութեան զեկոյցը ներկայացուած էր Քոնկրեսի Բարոյականութեան յանձնաժողովին՝ 2015ի Մայիս 8ին, իսկ աւելի ուշ, զեկոյցի մանրամասնութիւնները հրապարակուեցան <<Ուաշինկթըն Փոս>>չի մէջ: Դիտորդական խումբը յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի պետական քարիւղի <<Սոքար>> ընկերութիւնը առնուազն 750,000 տոլար ծախսած էր այս այցելութեան համար։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ