By Asbarez | Saturday, 18 June 2016
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Յունիս 16ի Իֆթարի սեղաններու շուրջ մէկտեղուեցաւ զինեալ ուժերուն մէջ ապահովութեան պատասխանատուներու հետ՝ պնդելով, թէ կառավարութիւնը վճռական պայքարի մէջ է <<պետութեան մէջ զուգահեռ պետութիւն ստեղծել ջանացող կառոյցին դէմ>>, մեղադրելով նաեւ հայերը՝ նշեալ կասկածելի կառոյցին հետ համագործակցելու եւ Թուրքիոյ դէմ դաւադրութիւններ նիւթելու յանցանքներով:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ զուգահեռ կառոյց կ՛անուանուի ամերիկաբնակ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի գլխաւորած իսլամական շարժումը:
Էրտողան խօսքին մէջ ըսաւ, որ <<դաւաճանութեան այս խմբակները>>, որոնք պարտականութիւն կը նկատեն երկրին եւ ազգին շահերը ոտնակոխ ընել, աշխարհի ամէն կողմը կը գործեն Թուրքիոյ ի վնաս։ Էրտողան աւելցուց. <<Ո՛ւր ալ երթանք, կը տեսնենք, որ զուգահեռ պետութեան կառոյցի անդամները մեր երկրին դէմ ուս-ուսի կը գործեն անջատողական եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ հայ հրոսախումբերու հետ։ Ամերիկայի մէջ, ուր գացած էի բանախօսութիւն մը տալու, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամներ եւ հայկական ահաբեկչական կազմակերպութիւններ ձեռք-ձեռքի տուած՝ անձիս եւ պատուիրակութեանս դէմ ցոյցեր կազմակերպեցին։ Ասոնք անձնապէս տեսայ, անձնապէս ապրեցայ։ Անոնք ո՛չ տեղացի են, ո՛չ ալ այս հայրենիքի զաւակներն են։ Բացայայտօրէն կ՛ըսեմ. այս կառոյցը ահաբեկչական մեր պայքարը կացինահարելու համար իր ձեռքէն եկած ամէն բան կ՛ընէ>>։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ