By Asbarez | Saturday, 18 June 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները պիտի մասնակցին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայանալիք Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու՝ Արցախի հարցով կայանալիք եռակողմանի հանդիպումին. այս մասին կը գրէ <<Ռիա Նովոսթի>>ն:
Այս մասին ատրպէյճանական <<Էյ.Փի.Էյ>> լրատու գործակալութեան հարցումին պատասխանելով՝ ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք յայտնած է. <<Անհամբեր կը սպասեմ այս հանդիպման: Մենք յոյս ունինք, որ կողմերը կ՛ամփոփեն հետաքննութեան համակարգերու իրականացման մասին համաձայնութիւնները եւ կը վերականգնեն խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները>>:
Իր կարգին, ֆրանսացի համանախագահ Փիեռ Անտրէ ըսած է. <<Յոյս ունինք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները կը վերականգնեն վստահութիւնը եւ յառաջխաղացք կ՛արձանագրեն կարգաւորման գործընթացին մէջ>>:
Յիշեցնենք, որ նախագահներու հանդիպումը տեղի ունեցաւ Յունիս 20ին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ