By Asbarez | Saturday, 18 June 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>> - <<Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ինքնին շատ գնահատելի եւ յիշարժան քայլ մըն է: Անիկա նաեւ կարեւոր պատգամ մըն է՝ ուղղուած այլ ժողովրդավար երկիրներու, ինչպէս իմ երկու երկիրներուն՝ Իսրայէլին եւ Միացեալ Նահանգներուն, որոնք վախկոտներու պէս կը խուսափին ճանաչումէն>>, Նուարդ Չալիկեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է անուանի հրեայ ցեղասպանագէտ Իսրայէլ Չարնի:
Ան նաեւ կարեւոր համարած է այն իրողութիւնը, որ այս բանաձեւով Գերմանիա կ՛ընդունի իր դերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ, ինչ որ աւելի՛ ազդեցիկ է դարձնէ այդ որոշումը:
<<Տարիներ շարունակ, պատմաբաններ հաւաքած են մեծ քանակութեամբ տեղեկութիւններ այն մասին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ Գերմանիան ունեցած է աջակցողի ու արտօնողի դեր, եւ որոշ առումով՝ նոյնիսկ անմիջական մասնակցութիւն բերած է անոր. այս ինքնակամ խոստովանութիւնը յստակօրէն կը հաստատէ Գերմանիոյ մեղսակցութեան մասին փաստերու ճշմարտացիութիւնը>>, նշած է Չարնի:
Յիշեցնելով, որ միջազգային գիտական համայնքը արդէն իսկ շատոց համակարծիք է 1915ի Ցեղասպանութեան իրողութեան շուրջ՝ Չարնի աւելցուցած է. <<Ինչ կը վերաբերի թուրքերու կողմէ պարբերաբար կրկնուող զաւեշտալի պնդումներուն, թէ գիտնականներն ու պատմաբանները պէտք է այս հարցին շուրջ հասնին ընդհանուր եզրակացութեան մը, ապա անոնք պէտք է գիտնան, որ այդ եզրակացութիւնը արդէն իսկ անվիճելիօրէն տր-ուած է>>:
Չարնի, որ երկար տարիներ պայքարած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, կը կարծէ, թէ յանուն ճանաչման՝ կ՛արժէ որոշ գին վճարել, ինչպէս օրինակ՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացում: Ան միաժամանակ համոզուած է, որ Պունտեսթակի այս որոշումը զգալիօրէն պիտի չվատթարացնէ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները: <<Կարճ ժամանակ անց, Թուրքիա պիտի պատուիրէ գերմանական գարեջուրի յաջորդ ապսպրանքը>>, հեգնանքով ըսած է ան:
Նաեւ, քննադատելով փոքրամասնութիւններուն հանդէպ Թուր-քիոյ ներկայ կառավարութեան վարած քաղաքականութիւնը՝ ան աւելցուցած է. <<Այս օրերուն, բռնապետ Էրտողանը երկիրը աւելիո՛վ կը մեկուսացնէ աշխարհէն ու սկսած է բանտարկուելու իր սեփական սարդոստայնին մէջ, միաժամանակ՝ ճնշելով բազմաթիւ թուրք գրողներ, ոստիկաններ եւ այլք։ Տակաւին չխօսինք անոր վտանգաւոր քայլերուն մասին՝ ազգութեամբ ոչ թուրքերու հանդէպ, որոնցմէ են քիւրտերը>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ