By Asbarez | Monday, 20 June 2016
ԵՐԵՒԱՆ<< <<Արմէնփրէս>> - Ռուսիոյ<< Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները պայմանաւորուած են Լեռային Ղարաբաղի տագնապի լուծման լրացուցիչ ուժականութիւն հաղորդել, անոնք նաեւ հաւատարմութիւն յայտնած են ղարաբաղեան¬ատրպէյճանական շփման գիծին մէջ իրավիճակի բնականոնացման գծով եւ համաձայնած են աւելցնել ԵԱՀԿ դիտորդներուն թիւը:
Նախագահները նաեւ համաձայնած են շարունակել պարբերական եռակողմ բանակցութիւնները <<նոյն ձեւաչափով, ի լրումն ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների աշխատանքի>>:
Այս մասին հաղորդած է <<ՌԻԱ Նովոստի>> լրատու գործակալութիւնը<< որուն համաձայն, նման յայտարարութիւն կատարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը՝ ամփոփելով Վլատիմիր Փութինի<< Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը:
<<Երեք երկիրներու նախագահները համաձայնեցուցած են եռակողմանի յայտարարութիւն, որուն մէջ կ՛արտայայտուի հաւատարմութիւն քաղաքական կարգաւորման կայուն յառաջընթացի պայմաններու ստեղծման, շմփան գիծին մէջ իրավիճակի բնականոնացման եւ ԵԱՀԿ դիտորդներու թիւի բարձրացման առումով։ Մենք նախանշած են բանակցային գործընթացի աշխուժացման յստակ քայլեր>>, ըսած է Լաւրով։
Անոր համաձայն՝ վերջին օրերուն զինադադարը կը պահպանուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: <<Երկիրներուն ղեկավարները հանդիպում ունեցած են առանց ընկերակիցներու կամ օգնականներու>>, աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը։
Քրեմլինի կայքէջին վրայ լոյս տեսած հաղորդագրութիւնը նաեւ կը յայտնէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հաստատած են Մայիս 16ի Վիեննայի հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ ուղղուած հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի կայունացման ու խաղաղ կարգաւորման առաջընթացին նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորման:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ