Շոյկու Ասատի հետ կը քննարկէ Ռուս-Սուրիական գործակցութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 21 June 2016

0621Shoigu-Assad

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու, Ռուսիոյ նախագահին յանձնարարութեամբ, Դամասկոսի մէջ Յունիս 18ին հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ՝ քննարկելով սուրիական հողերուն վրայ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու նպատակով երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական գործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Քննուած են նաեւ Լաթաքիոյ Հումայմիմ ռազմակայանին մէջ տեղակայուած <<Էս. 400>> հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն վերաբերող հարցեր:

Միւս կողմէ, <<Մայատին>> կայանը հաղորդեց, որ քիւրտերու ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը իրենց վերահսկողութան տակ առած են Հալէպ նահանգի հիւսիսարեւելեան Մընպեժ քաղաքին մէկ մասը: Հոն սպաննուած է <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական խմբաւորման <<իշխան>>ներէն Ապու Համզա Անսարին, ամերիկեան ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքի օդանաւերու ռմբակոծումին պատճառով: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը ամբողջական պաշարման տակ առած են քաղաքը։

Նաեւ, ամերիկացի զինուորական պատասխանատու մը յայտնած է, որ Ռուսիա անցեալ Հինգշաբթի օր, հարաւային Սուրիոյ մէջ, Թանաֆի մօտերը, <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարող սուրիացի ընդդիմադիր ուժերուն, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը վայելող ուժերուն, օդային հարուածներ հասցուցած է: Քննադատելով այդ օդային հարուածները՝ ան նշած է. <<Ռմբակոծման ժամանակ, շրջանին մէջ ռուսական կամ սուրիական ցամաքային ուժեր չկային, ինչ որ իրողապէս կը բացառէ ինքնապաշտպանութեան վարկածը: Ռուսիոյ վերջին արարքները մեծ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն>>։

Մոսկուա, իր կարգին, անտեղի գտած է այս քննադատութիւնները՝ նշելով, որ ամերիկեան աջակցութիւնը վայելող այդ ընդդիմադիր ուժերուն գործելու ամենամօտիկ վայրը ռմբակոծուած վայրէն 180 մղոն հեռու կը գտնուի։ Ռուս պաշտօնատար մը աւելցուցած է, որ Ուաշինկթընի աջակցութիւնը վայելող սուրիացի ընդդիմադիրները կրնան ռուսական յարձակումի մը թիրախ դարձած ըլլալ, եթէ ահաբեկչական <<Ճապհաթ Նուսրա>>ին հետ միացեալ գործողութեան մը կը մասնակցէին, քանի որ նման գործակցութիւն մը Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին արգելք կը հանդիսանայ:

Յայտնենք, թէ անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աւելի քան 50 աշխատակիցներ ստորագրած են ներնախարարական խնդրագիր մը, որով նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին կոչ կ՛ըլլար զինուորական գործողութիւններու սկսելու Դամասկոսի դէմ: Արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Յունիս 19ին յայտնեց, որ այդ խնդրագիրը պիտի ուսումնասիրուի:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ <<սուրիական տագնապը բռնի ուժով լուծելը մեր գործելաոճը չէ>>՝ աւելցնելով. <<Մեզի համար գաղտնիք չէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կան քաղաքական ուժեր, որոնք կոչ կ՛ուղղեն Սուրիոյ տագնապը լուծելու զինուորական ուղիով, սակայն ատիկա մեր գործելաոճը չէ: Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ Ռուսիոյ կեցուածքը շատ ծանօթ է>>։ Ան նաեւ նշեց, թէ <<բանակցութիւններու հոլովոյթը, Սուրիոյ աջակցութեան խմբակի կազմութիւնը, ՄԱԿի եւ միջազգային այլ դերակատարներու միջնորդութեամբ միջսուրիական երկխօսութեան նախաձեռնումը այդ գործելաոճին լաւագոյն փաստերն են>>:

Իր կարգին, Քրեմլին յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարութեան տապալումը պիտի չնպաստէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, այլ՝ ամբողջ շրջանը կրնայ դէպի քաոս տանիլ:

Նաեւ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն՝ սուրիական բանակը հարուածելու առաջարկը մտահոգիչ է իւրաքանչիւր ողջախոհի համար:

 



comments