Ռուսիա կը փորձէ զինուորական միջոցներով ստեղծել իր ազդեցութեան գօտին. Սթոլթենպերկ

By Asbarez | Tuesday, 21 June 2016

0621Stoltenberg

ՄՈՍԿՈՒԱ - <<Թասս>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ գերմանական <<Պիլտ>> թերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցով մը պնդած է, որ Ռուսիա իր ռազմական ներուժը կ՛ուրճացնէ, որպէսզի իր ազդեցութեան գօտին հաստատէ։

Ան կը շեշտէ, որ ՆԱԹՕ կը նախընտրէ Ռուսիոյ հետ երկխօսութեան ճամբով տարակարծութիւնները լուծել։ <<Յստակ է, որ մենք առճակատում եւ նոր Պաղ պատերազմ չենք ուզեր Ռուսիոյ հետ>>, կ՛ըսէ ան:

Միաժամանակ, Սթոլթենպերկ կը քննադատէ Ուքրանիոյ տագնապին նկատմամբ Ռուսիոյ կեցուածքն ու արեւելեան Ուքրանիոյ զինեալներուն ցուցաբերած զինուորական օժանդակութիւնը: <<Երկրին արեւելքը գտնուող անջատողականներուն նկատմամբ Ռուսիոյ աջակցութիւնը վերջին ամիսներուն զգալիօրէն աւելցած է>>, կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ:

Նշենք, որ անցեալ շաբաթ ՆԱԹՕի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ յաւելեալ ուժեր պիտի տեղակայուին Էսթոնիոյ, Լաթվիոյ, Լիթուանիոյ եւ Լեհաստանի մէջ, ինչին հակադարձելով՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւրոպական համագործակցութեան բաժանմունքի տնօրէն Անտրէյ Քելին յայտարարեց, որ ռուսական կողմը ստիպուած պիտի ըլլայ պատասխան քայլերու ձեռնարկելու, որովհետեւ ՆԱԹՕի յաւելեալ ուժերու տեղակայումը <<պիտի ըլլայ ուժերու վտանգաւոր աճ՝ մեր սահմաններուն բաւական մօտ տարածքի մը մէջ>>:

 



comments