By Asbarez | Wednesday, 22 June 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Ֆրանսա, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիր, պատրաստակամութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու:
<<ՌԻԱ Նովոսթի>> կը հաղորդէ, որ Պաքուի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օրելիա Պուշէ այս մասին ըսած է. <<ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները պիտի շարունակեն իրականացնել իրենց պարտականութիւնները եւ ջանքեր գործադրել փոխվստահութեան ամրապնդման ու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ>>, միաժամանակ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպում մը կազմակերպելու պատրաստակամութիւն յայտնելով։
Ան նաեւ ողջունած է Յունիս 20ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումը: <<Հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կարելի է հասնիլ շարունակական եւ անկեղծ երկխօսութեան միջոցով>>, եզրակացուցած է Պուշէ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ