Հայաստանի մէջ Պապը պիտի փորձէ նպաստել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ հաշտեցման

By Asbarez | Wednesday, 22 June 2016


ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան պատճառով Հռոմի Ֆրանսիս պապը հրաժարած է մէկ այցելութեան ծիրին մէջ երկու երկիրները այցելելէ։ Այս մասին գրած է <<Ռոմ Ռիփորթզ>>ը: Արդարեւ, պապը 24-26 Յունիսին պիտի այցելէ Հայաստան, իսկ Հոկտեմբերի սկիզբը՝ Ատրպէյճան եւ Վրաստան։

Պարբերաթերթը կը գրէ, թէ իր այցելութեան ընթացքին պապը պիտի փորձէ առերեսուիլ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան, որ ծագած է նախորդ տարի Վատիկանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ մեղմացնել Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութիւնը:  <<Խոր Վիրապ եկեղեցիէն պապը պիտի կարենայ տեսնել  հայ–թրքական փակ սահմանը ու հիանալ Արարատ լեռով>>, գրած է թերթը:

Հռոմի մէջ պապի հայկական քոլեճի ղեկավար հայր Գրիգոր Բադիչահ, իր կարգին, ըսած է, թէ պապին այցելութիւնը ցոյց կու տայ, որ Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցին մօտ է բոլորին եւ կը հաստատէ, որ <<մեր եկեղեցիներուն միջեւ ո՛չ միայն բարեկամութիւն կայ, այլ նաեւ՝ հաւատքի եւ յարգանքի վրայ հիմնուած խորունկ յարաբերութիւններ>>։

 

comments