By Asbarez | Wednesday, 22 June 2016

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - <<Էրմենիհապեր>> լրատուական կայքը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխան Կարօ Փայլան դատախազութեան մօտ գանգատ ներկայացուցած է այն ցուցարարներուն դէմ, որոնք Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ իրենց կատարած ցոյցին ընթացքին գոչած են. <<Ամենալաւ հայը՝ մեռած հայն է>>։
Նշեալ ցոյցին դրդապատճառը Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որոշումն էր։ Այս որոշումը թրքական շրջանակներէն ներս թշնամութեան շատ լուրջ ալիք մը ստեղծեց ոչ միայն գերմանացիներուն, այլ նաեւ հայերուն հանդէպ։
Ըստ Կարօ Փայլանի՝ ցոյցին ներկայ եղած շուրջ 200 ցուցարարներուն մեծ մասը ազգայնամոլ <<Գորշ գայլեր>>ու անդամ էր։
Կարօ Փայլան յայտարարած է, որ ասիկա մարդկութեան դէմ ու ատելութեան ի նպաստ ցոյց մըն էր, եւ այդ պատճառով ալ գանգատ ներկայացուցած է դատախազութեան մօտ։ Ան պահանջած է, որ դատախազութիւնը ստուգէ այս ցուցարարներուն ինքնութիւնը ու ատելութիւն սերմանելու յանցագործութեան հետապնդում իրականացնէ անոնց դէմ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ