Հռոմի Պապը Ծիծեռնակաբերդի մէջ հանդիպեցաւ Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգներուն

By Asbarez | Saturday, 25 June 2016

pope

pope1 pope2 pope3

ԵՐԵՒԱՆ - Շաբաթ, Յունիս 25ին Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանսիս Պապը, ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ․ի եւ նախագահ ՍերժՍարգսեանի հետ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ:

Պապը յարգանքի տուրք մատուցեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ծաղկեպսակ դրաւ յուշակոթողին եւ աղօթեց:

Հռոմի Պապը ՀՀ նախագահին եւ ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ այնուհետեւ ծաղիկներ խոնարհեց անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ, ուր հոգեւոր դասը կատարեց բարեխօսական կարգի արարողութիւն` հայցելով այլեւս սրբադասուած նահատակներու բարեխօսութիւնը:

Ֆրանսիս Պապը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի Յիշողութիւններու պուրակ, օրհնեց իր անուամբ տնկուած եղեւնին, որմէ ետք գրառում կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուոյ այցելուներու գիրքին մէջ:

<<Այստեղ կ՛աղօթեմ` ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ, ինչպիսին ասիկա է, չկրկնուին, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ իմանայ չարութեան բարութեամբ յաղթել: Թող Աստուած պարգեւէ սիրեցեալ հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն: Աստուած պահպանէ հայ ժողովրդի յիշողութիւնը: Յիշողութիւնը կարելի չէ ոչ պղտորել, ոչ մոռնալ: Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է>>, գրած է սրբազան քահանայապետը:

Յուշահամալիրին մէջ Պապին մօտեցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու խումբ մը ժառանգներ` զաւակներ եւ թոռներ, որոնց նախնիները, Մեծ Եղեռնի որբեր ըլլալով, Պիուս ԺԱ Պապի որոշումով օթեւան գտած էին պապական Կաստել Գանտոլֆօ դղեակ-ամառանոցին մէջ:

Ֆրանսիս Պապը ապա, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ընկերակցութեամբ ուղեւորուեցաւ Գիւմրի:

 



comments