Ֆրանչիսկոս պապի պատմական այցը` առաջին քրիստոնեայ երկիր

By Aztag Daily | Monday, 27 June 2016



<<Յիշողութիւնը ո՛չ կարելի է պղտորել, ո՛չ ալ մոռնալ: յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է>>

Այս միտքը կազմեց առանցքը այն արձանագրութեան, որ շաբաթ առաւօտեան կատարեց Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուոյ հիւրերու տետրակին մէջ` վկայակոչելով Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակները եւ խոր ցաւով աղօթելով, որ չկրկնուին 20-րդ դարու սկիզբի առաջին ցեղասպանութեան նման ողբերգութիւնները:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութեան յաջորդած բոլոր հանդիպումներուն եւ բազմամարդ արարողութիւններուն ընթացքին, անցնող երկու օրերուն Ֆրանչիսկոս պապին բոլոր պատգամներուն միտք բանին կեդրոնացաւ խաղաղութեան հաստատման, պատմական արդարութեան վերականգնման եւ քրիստոնէական միութեան սկզբունքներուն վրայ:

Ստորեւ կու տանք ըստ կարելւոյն մանրամասն ներկայացումը անցնող երկու օրերուն շարունակուած` Ֆրանչիսկոս պապի պատմական այցին` առաջին քրիստոնեայ երկիր:

Ս. Էջմիածինի Մէջ

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը 24 յունիսի երեկոյեան Ս. Էջմիածինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը, հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն եկած թեմակալ առաջնորդներ եւ առաջնորդական տեղապահներ:

Գարեգին Բ. կաթողիկոս Ֆրանչիսկոս պապին բարի գալուստ մաղթեց Ս. Էջմիածին. ան իր եղբայրական սէրն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց նաեւ պատուիրակութեան անդամներուն:

<<Այսօր ուրախութիւն է մեր տանը եւ մեր հոգիներում, քանզի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին է այցելել սիրեցեալ մեր եղբայրը, որի հանդէպ առանձնակի ջերմ վերաբերմունք ունի հայ ժողովուրդը: Դրա վառ վկայութիւն է նաեւ մեր աշխարհասփիւռ թեմերի բարձրաստիճան հոգեւորականների ներկայութիւնը, ովքեր եկել են իրենց համայնքների հաւատացեալների հետ: Ձեր այցը մեր ժողովուրդը դիտարկում է որպէս առիթ եւ հնարաւորութիւն իր երախտագիտութեան զգացումներն արտայայտելու մեր ժողովրդի, հայ եկեղեցու եւ պետութեան նկատմամբ Ձեր ջերմ վերաբերմունքի համար: Մենք այս նուիրական սրբավայրում մեր աղօթքն ենք բարձրացնում դէպի երկինք` հայցելով, որ Տէրը Ձեզ քաջառողջ երկար տարիներ պարգեւի` առաջնորդելու համար Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին, քոյր եկեղեցիների հոգեւոր առաջնորդների եւ հաւատացեալների հետ իրականացնելու եւ արդիւնաւորելու Քրիստոսի սուրբ եկեղեցու առաքելութիւնը` ի սէր առաւել բարօր ու խաղաղ աշխարհի եւ մարդկութեան երջանկաբեր կեանքի>>, նշեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

Իր կարգին, Ֆրանչիսկոս պապը եղբայրական սիրոյ եւ ջերմ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին` շեշտելով, որ Ս. Էջմիածինի մէջ ինքզինք կը զգայ իր տան մէջ:

Պապը Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց միասնական աղօթքն ու խաղաղութիւնը` աւելցնելով, որ իբրեւ եկեղեցիներ իրենք կոչուած են այդ խաղաղութեան քարոզիչները ըլլալու:

Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում:

Ս. Էջմիածին այցելութեան ընթացքին պապը Ամենայն Հայոց Գարեգին կաթողիկոսին կողմէ ստացաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբապատկերը, ինչպէս նաեւ Ս. պատարագի սկիհ, որուն երկու կողմերուն վրայ պատկերուած են Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարն ու Ս. Էջմիածինի Մայր տաճարը, երկու եկեղեցիներու հիմնադիր Ս. առաքեալները:

Գարեգին Բ. կաթողիկոս Ֆրանչիսկոս պապին նուիրեց նաեւ աշխարհի վրայ անոր ամենափոքր դիմանկարի մանրաքանդակը, որուն հեղինակն է մանրաքանդակագործութեան հիմնադիր Էդուարդ Տէր Ղազարեանի թոռը` Էդուարդ Տէր Ղազարեան կրտսերը:

Երեք ամիսներու ընթացքին այդ նուէրը պատրաստած հեղինակը ներկայ գտնուեցաւ այդ նուէրը Ֆրանչիսկոս պապին յանձնելու արարողութեան:

Ան նշեց, որ պապին դիմանկարը մէկ միլլիմեթր մեծութեամբ քանդակուած է սաթի բեկորի մը վրայ:

Հռոմի պապը վեհափառ հայրապետին նուիրեց Ս. Աստուածածինի խճանկար եւ արձանագրութիւն մը կատարեց վեհարանի յիշատակի մատեանին մէջ:

Այցելութիւն Ծիծեռնակաբերդ


 



Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը շաբաթ, 25 յունիսին, այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր:

Ծիծեռնակաբերդ ուղղուելու ընթացքին պապին ընկերակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հոգեւորականներ:

Ֆրանչիսկոս պապի եւ կղերականներուն մասնակցութեամբ կատարուեցաւ բարեխօսութեան կարգի արարողութիւն` հայցելով սրբադասուած նահատակներուն բարեխօսութիւնը:

Պապը ծաղիկներ զետեղեց հայոց մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը խորհրդանշող անմար կրակին մօտ եւ իր անունով եղեւնի մը տնկեց Ծիծեռնակաբերդի Յիշատակի պուրակին մէջ:

Ծիծեռնակաբերդի մէջ Ֆրանչիսկոս պապին մօտեցան Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու զաւակներէն եւ թոռներէն բաղկացած խումբ մը մարդիկ, որոնց նախահայրերը Պիոս ԺԱ. պապին որոշումով ապաստանած էին <<Կանտոլֆօ>> պապական պալատ:

Ծիծեռնակաբերդ այցելութենէն ետք, Ֆրանչիսկոս պապը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուոյ հիւրերու տետրակին մէջ արձանագրեց հետեւեալ տողերը. <<Այստեղ կ՛աղօթեմ` ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ, ինչպիսին է այս, չկրկնուին, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ բարիով յաղթէ չարին: Թող Աստուած սիրեցեալ հայ ժողովուրդին խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն պարգեւէ: Յիշողութիւնը ո՛չ կարելի է պղտորել եւ ո՛չ ալ մոռնալ: Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է: Թող հայ ժողովուրդի ողբերգութեան յիշողութիւնը մնայ մեր մէջ, եւ յիշողութիւնն է, որ հետագային պիտի կանխէ նման ոճիրները>>:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ Ֆրանչիսկոս պապին նուիրուեցաւ ոսկեայ յուշամետալ մը, որուն վրայ պատկերուած էր Ծիծեռնակաբերդը, ինչպէս նաեւ Աղթամարը պատկերող փորագրանկար մը:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան ընդգծեց, որ այդ փորագրանկարը սահմանափակ թիւով, քանի մը տարի առաջ պատրաստուած է Գերմանիոյ մէջ, յատուկ թուղթի մը վրայ:

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն գերապայծառ Ֆետերիքօ Լոմպարտի լրագրողներուն հետ ունեցած իր կարճ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութեան ընթացքին խորհրդածութեան պահեր ապրած է, <<եւ այդ պատճառով ալ անոր ոճը աւելի յարիր էր լռութեան եւ աղօթքին>>, աւելցուց ան:

Լոմպարտի նշեց նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի յուշամատեանին մէջ կատարած իր արձանագրութեան մէջ պապը նշած է անպատրաստից խօսքեր, որոնք կապուած էին այդ օրուան իր փորձառութեան:

<<Մենք այս առաւօտեան ցնծութեամբ տեսանք Արարատ լեռը: Այս պատմական պահուն, Հայաստանի խորհրդանիշ Արարատը երեւցաւ մեր դիմաց>>, շեշտեց ան:

Լոմպարտի յայտնեց, որ պապին համար հայ ժողովուրդը եւ հայոց պատմութիւնը նորութիւն չեն: <<Ան արժանթինահայ գաղութին հետ խոր յարաբերութիւններ ունի եւ այդ պատճառով ալ, իրեն համար մեծ ուրախութիւն է ծանօթանալ հայկական մշակոյթին սկզբնաղբիւրին>>, շեշտեց ան:

 

Պատարագ` Գիւմրիի Մէջ




25 յունիսը պատմական օր էր Գիւմրիի մէջ, ուր հանդիսաւոր կերպով Ս. պատարագ մատուցեց Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը, Վարդանանց հրապարակին վրայ:

Պապը հոն հասաւ իր փափամոպիլով, որուն մէջ էր նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, ան շրջեցաւ հրապարակին մէջ, ողջունեց հաւատացեալները, ապա իջաւ, քանի մը վայրկեան հետիոտն զրուցեց անոնց հետ, ապա մեկնեցաւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան <<Տիրամայր Հայաստանի>> կուսանոց:

Ապա Հռոմի սրբազան քահանայապետը իր մատուցած Ս. պատարագին ընթացքին քարոզեց` մէջբերելով Եսայի մարգարէի հետեւեալ խօսքերը. <<Կը վերականգնուին հին աւերակները, կը վերանորոգուին անբնակ քաղաքները>>:

<<Այս վայրերուն մէջ, սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ, իրականացած են Եսայի մարգարէին խօսքերը, զորս լսեցիք: Անաստուածութեան երկար տարիներու հոգեւոր կործանումէն, երկրաշարժի սարսափելի նիւթական աւերներէն ետք այսօր կը գտնուինք հոս` շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ հաւատքը դաւանելու ազատութեան եւ առատաձեռնութեան համար, որ բազում մարդոց օգնեց վերականգնելու իրենց կեանքը` հսկայական դժուարութիւններով հանդերձ>>, ըսաւ սրբազան քահանայապետը:

Ան աւելցուց, որ արդար սէրը Աստուծմէ ստացած եւ ընկերոջ ընծայած սէրն է: <<Գթառատ եւ թունդ դարձող սէրը քրիստոնեային այցետոմսն է. ներկայանալու այլ կերպարանքները կրնան շեղող, նոյնիսկ անօգուտ ըլլալ: Կոչուած ենք միշտ կառուցելու եւ վերակառուցելու հաղորդութիւնը առանց յոգնելու, կոչուած ենք կամուրջներ սարքելու, ոչ թէ պարիսպներ կամ բաժանարար պատնէշներ: Թող հայ ժողովուրդը միշտ աւելի միացած ըլլայ հաւատքի եւ սիրոյ մէջ, եւ հաւատացեալները լաւագոյն օրինակը կրնան տալ` համագործակցելով իրարու հետ, փոխադարձ յարգանքով եւ երկխօսութեամբ>>, ընդգծեց պապը: Ան աւելցուց, որ Աստուած կը բնակի սիրողին մէջ, Աստուած կը բնակի հոն, ուր մարդիկ կը սիրեն զիրար, յատկապէս հոն, ուր տկարներուն եւ աղքատներուն նկատմամբ սէր կը ցուցաբերուի:

<<Ան միշտ կ՛օրհնէ եւ կը պահպանէ անոր, որ բարի լուր կը տանի թշուառներուն, կոտրած սրտերուն վէրքերը կը բուժէ եւ կը մխիթարէ վշտացածները: Մեծ կարիք ունինք ասոր. կարիք ունինք քրիստոնեաներու, որոնք յոգնութենէն չեն խորտակուիր, չեն յուսալքուիր  փոխադարձ անհասկացողութիւններէ, այլ կը բացուին Աստուծոյ սիրոյ նախաձեռնութիւններուն: Բարի կամքով մարդոց կարիքը կայ, որ ոչ թէ խօսքով, այլ գործով օգնեն դժուարութեան մէջ գտնուող եղբայրներուն եւ քոյրերուն: Կարիքը կայ աւելի արդար հասարակութեան, ուր իւրաքանչիւրը կարենայ արժանավայել կեանք վարել եւ արդարօրէն հատուցուող աշխատանք կատարել: Եկած եմ որպէս ուխտաւոր այս օրհնեալ երկիրը` հանդիպելու ձեզի, որ ժամանած էք տարբեր շրջաններէ եւ մօտակայ Վրաստանէն: Կը տեսնեմ, որ Աստուած ձեզի առանձին չէ ձգած: Ան այցելած է ձեր ժողովուրդին: Աստուած յիշեց ձեր հաւատարմութիւնը Աւետարանին, ձեր հաւատքի անդրանիկութեան` հիմնուած առաքեալներու քարոզչութեան վրայ, որոնց յիշատակը կը տօնենք այսօր: Քրիստոնէական հաւատքը դարձաւ հայ ժողովուրդին շունչը եւ անոր պատմութեան սիրտը: Անիկա ձեր ապագայի յոյսն է նաեւ>>, ըսաւ սրբազան քահանայապետը:

Սուրբ պատարագին ընթացքին հայ ժողովուրդին ուղղած իր քարոզին մէջ Հռոմի պապը խօսեցաւ նաեւ Գրիգոր Նարեկացիին մասին: <<Ան կարապետն ու մարգարէն էր աստուածային ողորմութեան: Դժուար է գտնել ոեւէ մէկը, որ հաւասարի անոր մարդկային սրտին մէջ թեւածող անդնդային թշուառութիւնները քննելու առումով: Սակայն ան կը վերածուի անոնց աստուածային սիրոյ անդադրում, արտասուալի եւ վստահ պաղատանքի` հաստատելով, որ Աստուած <<պարգեւներ բաշխող է, բնութեամբ բարի Նարեկացին ո՛չ միայն վարդապետ է ուսուցման, այլ յատկապէս կեանքի, որովհետեւ կը սորվեցնէ, թէ ինչքա՛ն կարեւոր է ճանչնալ մենք զմեզ: Այս սուրբ վկան մարգարէաբար կը ներկայացնէ ձեր  ժողովուրդը: Ան, սակայն, ընդհանրական եկեղեցւոյ վարդապետ է արդէն: Ձեր սիրելի ժողովուրդը եւս` տառապելու քաջատեղեակ եւ յարութեան զօրութեամբ, կրնայ հաւատքի վկայ եւ վարդապետ ըլլալ բոլորիս>>, եզրափակեց Հռոմի պապը` խօսքին ընթացքին քանի մը անգամ մէջբերումներ կատարելով Գրիգոր Նարեկացիի <<Մատեան ողբերգութենէն>>:

Անկէ ետք Ֆրանչիսկոս պապը օրհնեց Գիւմրիի Եօթը վէրք եկեղեցւոյ մօտ հաւաքուած հաշմանդամ երեխաները` <<Փիւնիկ>> հաշմանդամներու միութիւն հասարակական բարեսիրական կազմակերպութեան անդամները:

 



Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը 25 յունիսին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Խաղաղութեան աղօթքի եւ էքիւմենիք արարողութեան ընթացքին ուղերձ յղեց հայ ժողովուրդին` հաստատելով, որ իր փափաքը եղած է այցելել Հայաստան, այն երկիրը, որ եղած է քրիստոնէութիւնը առաջին անգամ ընդունող պետութիւնը:

<<Ինծի համար առանձնաշնորհում է գտնուիլ այս բարձունքներուն վրայ, ուր Արարատ լերան հայեացքին տակ նոյնիսկ լռութիւնը մեզի խօսուն կը թուի. խաչքարերը մեզի կը պատմեն  անկրկնելի պատմութիւն մը` ամրակուռ հաւատքով եւ սոսկալի տառապանքներով հիւսուած, պատմութիւն մը` հարուստ Աւետարանի սքանչելի վկաներով, որոնց ժառանգներն էք դուք>>, ըսաւ պապը` հաստատելով, որ կաթողիկէ եկեղեցին կը սիրէ հայ ժողովուրդը եւ անոր կողքին է:

Ապա ան անդրադարձաւ երկու եկեղեցիներուն միջեւ նախորդ տարիներուն եղած շատ յարգալից եւ յոյժ յիշարժան այցելութիւններուն ու հանդիպումներուն: <<Մեծ ուրախութեամբ կը կիսենք միասին կտրած արդէն շատ յառաջացած ճամբու բազում քայլերը եւ, իրօք, լիայոյս կը նայինք այն օրերուն, երբ Աստուծոյ օգնութեամբ միացած պիտի ըլլանք Քրիստոսի զոհասեղանին շուրջ` հաղորդութեան ամբողջական միութեամբ>>, ըսաւ պապը` դիտել տալով, որ այս  ուղիէն նախապէս անցած են բազում վկաներ, յատկապէս բազմաթիւ նահատակները, որոնց արեամբ կնքուեցաւ հասարակաց հաւատքը ի Քրիստոս` դառնալով փայլող աստղեր, որոնք ուղին ցոյց կու տան: Ան այս առիթով յիշեց Ս. Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսը, որ արտակարգ սէր կը տածէր իր ժողովուրդին եւ անոր աւանդութիւններուն հանդէպ, միեւնոյն ատեն հակելով միւս եկեղեցիներուն, անխոնջ միութեան փնտռտուքին` Քրիստոսի կամքը իրականացնելու փափաքով:

Միութեան, սիրոյ եւ աղօթքի կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ առնելով` սրբազան քահանայապետը դիտել տուաւ, որ գեղեցիկ է Երեւանի մէջ հաւաքուիլ եւ աղօթել միասին եւ իրարու համար: <<Եւ յատկապէս աղօթքի նուէրն է, որ եկած եմ այս երեկոյ ձեզմէ խնդրելու: Իմ կողմէս կը վստահեցնեմ, որ Հացն ու Բաժակը սուրբ սեղանի վրայ ընծայելու ատեն չեմ դադրիր ներկայացնել Տիրոջը հայ եկեղեցին եւ ձեր սիրելի ժողովուրդը: Սուրբ Ներսէսը կը զգար նաեւ փոխադարձ սէրը կրկնապատկելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ միայն սէրն է ի վիճակի դարմանելու յիշողութիւնը եւ բուժելու անցեալի վէրքերը>>, յայտնեց պապը:

Ան կոչ ուղղեց` վճռականութեամբ շարունակելու այս ընթացքը, վազելու դէպի եկեղեցիներու եւ մարդոց միջեւ ամբողջական հաղորդութիւնը` հաստատելով, որ այսօր դժուար դարձած է խաղաղութիւն գտնելը: <<Որքան մեծ են այսօր խաղաղութեան ճամբուն վրայ կանգնած խոչընդոտները, եւ որքան ողբերգական` պատերազմներուն հետեւանքները: Կը մտածեմ այն ժողովուրդներուն մասին, որոնք ստիպուած են ձգել ամէն ինչ, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, ուր բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր կ՛ենթարկուին բռնութեան եւ հալածանքի` ատելութեան եւ հակամարտութիւններու պատճառով, որոնք շարունակ կը հրահրեն զէնքի տարածումն եւ վաճառքը, ուժի դիմելու փորձութիւնը եւ յարգանքի պակասը մարդուն նկատմամբ` յատկապէս տկարներուն, աղքատներուն եւ անոնց, որոնք կ՛ուզեն միայն պատուարժան կեանք ունենալ: Չեմ կրնար չմտածել այն սոսկալի փորձութիւններուն մասին, որոնց ընդմէջէն անցած է ձեր ժողովուրդը. ընդամէնը դար մը առաջ անցած է Մեծ եղեռնէն, որ ձեզ պատուհասեց: Այս <<սոսկալի եւ խելագար ջարդը>> (Ուղերձ Սուրբ պատարագի սկիզբը հայածէս հաւատացեալներուն, 12 ապրիլի 2015), այս անարդարութեան ողբերգական խորհուրդը, զոր ձեր ժողովուրդը իր մարմինին վրայ կրեց, միշտ տպաւորուած կը մնայ յիշողութեան մէջ եւ կ՛այրէ սիրտը: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ ձեր տառապանքները մեզի կը պատկանին>>, հաստատեց Ֆրանչիսկոս պապը: Ան շեշտեց, որ ասիկա յիշելը ոչ միայն պատեհ է, այլ նաեւ պարտաւորութիւն` շեշտելով, որ հայութեան ողբերգութիւնը պէտք է բոլոր ժամանակներուն համար ազդակ դառնայ, որպէսզի աշխարհը այլեւս երբեք չիյնայ այդպիսի սխալներու յորձանքի մէջ: Քրիստոնէական հաւատքին կարեւորութեան ու զօրութեան մասին խօսելով` պապը ըսաւ, որ այդ է այն ուժը, զոր ունի հայութիւնը, եւ որ կարելիութիւն կու տայ բաց մնացած եւ կատաղի ու անիմաստ ատելութեան պատճառած վէրքերը որոշ կերպով յարուցեալ Քրիստոսի վէրքերուն համեմատել, այն վէրքերուն, զորս անոր պատճառեցին, եւ որոնք դեռ դրոշմուած են անոր մարմինին վրայ:

<<Բոլորիս համար լաւ կ՛ըլլայ աջակցիլ ապագայի հիմերը դնելու, այնպէս, որ թոյլ չտրուի վրէժի խաբէական ուժին մէջ ներքաշուելու. Ապագայ մը, ուր երբեք չյոգնին ստեղծելու խաղաղութեան պայմաններ` բոլորին համար արժանավայել աշխատանք, առաւել կարիքաւորներուն խնամատարութիւն եւ անխոնջ պայքար կաշառակերութեան դէմ, զոր պէտք է արմատախիլ ընել: Սիրելի՛ երիտասարդներ, այս ապագան ձեզի կը պատկանի. Ձեր մեծերուն իմաստութիւնը ամբարելով` խաղաղարարներ դառնալու կարելիութիւն կ՛ունենաք, ոչ թէ սթաթիւս քոյի կրողները ըլլալով, այլ հանդիպման եւ հաշտութեան մշակոյթի դրական գործիչներ: Աստուած օրհնէ ձեր ապագան եւ <<պարգեւէ, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն հաշտութեան ուղին կրկին ձեռք առնուի, եւ խաղաղութիւնը տիրէ Ղարաբաղի մէջ (Պատգամ հայերուն, 12 ապրիլի 2015)>>, յայտնեց սրբազան պապը:

Իր պատգամը փոխանցեց նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, որ ըսաւ, թէ յատկանշական համախմբում է Երեւանի կեդրոնը, աստուածաշնչական Արարատի օրհնաբեր հայեացքին ներքեւ: <<Նոյի երկրից, որտեղ Աստուած ծագեցրեց խաղաղութեան ծիածանը, մեր հայցը բարձրացրեցինք երկինք ի Քրիստոս սիրեցեալ Մեր եղբօր` Ֆրանչիսկոս պապի հետ` յանուն աշխարհում խաղաղութեան հաստատման եւ մարդկութեան ապահով ու բարօր կեանքի: Յուզումով ենք անդրադառնում, որ այս հրապարակում մեզ աղօթակից են նաեւ պատերազմներից, ահաբեկչութիւններից ու բռնութիւններից տուժածներ, փախստականներ Ազրպէյճանից, փախստականներ Սիրիայից, Իրաքից, ովքեր առ Աստուած յոյսով սպասում են խաղաղութեան օրերին իրենց հայրենի բնակավայրերում:

<<Արդարեւ, մէկ եւ կէս տասնամեակ առաջ երրորդ հազարամեակը դիմաւորում էինք յոյսով, որ այն մարդկութեան կեանքում սկիզբ պիտի առնի ազգերի համերաշխ գոյակցութեամբ եւ պետութիւնների բարի գործակցութեամբ` յանուն խաղաղ ու արդար աշխարհի կառուցման: Մինչդեռ ամէնօրեայ իրականութիւնը յաճախ գուժում է պատերազմական եւ ահաբեկչական նորանոր գործողութիւնների, մարդկային անասելի տառապանքների, անդառնալի կորուստների մասին: Աշխարհի տարբեր կողմերում տարբեր ազգերի, կրօնների ու դաւանանքների պատկանող մանուկներ ու պատանիներ, կանայք ու տարեցներ մահասփիւռ զէնքերի եւ վայրագ բռնարարքների զոհ են դառնում կամ բռնում գաղթականութեան ուղին` ահռելի դժուարութիւններ յաղթահարելով կեանքի ապահովութիւն գտնելու համար:

<<Ճիշդ մէկ դար առաջ այս նոյն ճանապարհն էր անցնում մեր ժողովուրդը` յայտնուելով ծանրագոյն իրավիճակի առջեւ, երբ Ցեղասպանութեան հետեւանքով կորցրել էր հայրենիքի մեծագոյն մասը եւ, ունենալով մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներ, պայքարում էր իր գոյութեան իրաւունքի համար: Այսօր էլ մեր ժողովուրդն ապրում է չյայտարարուած պատերազմի դժուարին պայմաններում` թանկ գնով պաշտպանելով խաղաղութիւնը մեր երկրի սահմաններում, Լեռնային Ղարաբաղի մեր ժողովրդի ազատ ապրելու իրաւունքը` իր բնօրրան հայրենիքում: Մեր ժողովրդի խաղաղասիրական ձգտումներին ի պատասխան` Ազրպէյճանը, խախտելով հրադադարը, ապրիլ ամսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմաններին սանձազերծեց ռազմական գործողութիւններ: Հրետակոծուեցին եւ աւերուեցին հայկական բնակավայրեր, զոհուեցին ու վիրաւորուեցին խաղաղութեան պաշտպան զինուորներ, դպրոցահասակ երեխաներ, խոշտանգուեցին խաղաղ, անզէն բնակիչներ: Այս դժուարութիւններին յանդիման` մեր ժողովուրդը ապրում է ցաւը նաեւ այն աւերածութիւնների եւ կորուստների համար, որ շարունակւում են Մերձաւոր Արեւելքում, սոսկալի ահաբեկչութիւնների համար, որ իրագործուեցին եւրոպական խոշոր քաղաքներում, Ռուսաստանում, Միացեալ Նահանգներում, Ասիայի եւ Ափրիկէի երկրներում, հոգեւոր ու մշակութային այն արժէքների համար, որ անխնայ կերպով ոչնչացւում են հակամարտութիւնների տարածաշրջաններում:

<<Որքա՜ն սրբավայրեր պղծուեցին եւ արժէքաւոր կոթողներ կործանուեցին Սիրիայում, Իրաքում, Արեւելքի եւ Ափրիկէի երկրներում, որքա՜ն խաչքարեր ոչնչացուեցին Ազրպէյճանում: Փլատակների, կորստի ցաւի ու կարիքի մէջ փլուզւում են նաեւ մարդկային հոգու արժէքներն ու զգացումները: Ստեղծուած իրավիճակներում քրիստոնէական եկեղեցիների եւ կրօնական առաջնորդների առաքելութիւնը չի կարող սահմանափակուել միայն տուժածներին աջակցելով, մխիթարելով եւ հովուական հոգատարութիւն ցուցաբերելով: Խաղաղութեան փնտռտուքի ճանապարհին առաւել գործուն քայլեր պիտի ձեռնարկուեն` ջանքերը համատեղելով կանխարգիլելու համար չարիքը, միջեկեղեցական ու միջկրօնական գործակցութեամբ հասարակութիւնների մէջ զօրացնելու սիրոյ, համերաշխութեան ու համագործակցութեան ոգին` ըստ Աստծոյ կոչի. <<Երանի՜ խաղաղարարներին, որովհետեւ նրանք Աստծու որդիներ պիտի կոչուեն>>, ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Ան անդրադարձաւ պապին մնայուն ճիգին` աշխարհին մէջ խաղաղութեան հաստատման ու ազգերու միջեւ հաշտութեան պատգամի փոխանցման` նշելով, որ ասոր վկայութիւնն է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով նախորդ տարի Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ մատուցուած պատարագը` ի յիշատակ մեր անմեղ նահատակներուն, երբ պապը իր պատգամին մէջ վեր առաւ արդարութեան վերականգնման անհրաժեշտութիւնը:

<<Այս նոյն սկզբունքով առաջնորդուած` վերջին մէկ տարում Հայոց ցեղասպանութիւնը վճռականօրէն դատապարտեցին նաեւ նոր պետութիւններ ու կազմակերպութիւններ, օրերս` նաեւ Գերմանիան, որն Առաջին համաշխարհային պատերազմում Թուրքիայի դաշնակիցն էր: Մեր ժողովուրդը երախտագէտ է Ձերդ սրբութեանը եւ բոլորին, ովքեր բարձրաձայնում ու պաշտպանում են արդարութիւնը եւ ակնկալում է, որ Թուրքիան` ունկնդիր Ձեր պատգամին եւ բազում պետութիւնների ու միջազգային կառոյցների կոչին, քաջութիւն դրսեւորի առերեսուելու պատմութեանը, վերացնի Հայաստանի անօրինական շրջափակումը, դադարեցնի նաեւ զօրակցութիւնը Ազրպէյճանի ռազմական խարդաւանքներին` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի ազատ ու խաղաղ ապրելու իրաւունքի դէմ: Արդարեւ, խաղաղութիւնը չի կարող կենսագործուել առանց արդարութեան, մարդկային կեանքերը չեն կարող դառնալ շահարկումների առարկայ, չեն կարող անտեսուել>>, յայտնեց վեհափառ հայրապետը:

Արարողութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Հռոմի պապին նուիրուեցաւ Նոյեան Տապանի մանրակերտ, որ դրուած է Սիսն ու Մասիսը պատկերող քանդակին վրայ: Մանրակերտին մէջ լեցուած է որթատունկ, որուն վրայ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսն ու Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը սափորով ջուր եւ հող լեցուցին: Մինչ այդ, Հռոմի պապին եւ վեհափառ հայրապետին սափորները ջուրով եւ հողով լեցուցած էին երեխաները, որոնք անցան կարմիր գորգին վրայով: Նոյեան Տապանի մանրակերտը Հռոմի պապը իրեն հետ Վատիկան տարաւ: Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կայացած խաղաղութեան աղօթքին եւ էքիւմենիք արարողութեան աւարտէն ետք Ֆրանչիսկոս պապը մօտեցաւ հաշմանդամութիւն ունեցող խումբ մը անձերու, ողջագուրուեցաւ անոնց հետ եւ տուաւ իր օրհնութիւնը:

 

Կիրակի Օրուան Ս. Պատարագ




Մայր Աթոռի Ս. Տրդատ բաց խորանին վրայ երէկ առաւօտեան մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ` Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին նախագահութեամբ:

Ամբողջ աշխարհէն Ս. Էջմիածին եկած էին հաւատացեալներ եւ ուխտաւորներ` մասնակցելու պատարագին:

Ժողովուրդը զոյգ հոգեւոր պետերը դիմաւորեց ծափողջոյններով:

Կիրակի օրուան Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Պատարագին ընթացքին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.  կաթողիկոսը հայրապետական խօսք յղեց Հռոմի պապին: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. <<Եւ երբ Նա ցամաք ելաւ, տեսաւ բազում ժողովուրդ, գթաց նրանց եւ բժշկեց նրանց հիւանդներին…>>: Առ Աստուած փառաբանութեան օրեր են Սուրբ Էջմիածնում` հոգեւոր բերկրանքի եւ համատեղ աղօթքի առատութեամբ: Այսօր Ս. պատարագի արարողութեան ենք համախմբուել` աղօթակցութեամբ Հռոմի սրբազան քահանայապետ, մեր սիրեցեալ եղբայր Ֆրանչիսկոս պապի:

<<Խորհրդանշական է, որ Ս. եւ անմահ այս պատարագին որպէս ընթերցուած հնչեց հացի բազմացման սուրբ գրական պատմութիւնը: Աւետարանիչը պատմում է, որ երբ Յիսուս առանձնացաւ, ժողովրդի բազմութիւնը, իմանալով այս մասին, գնաց Նրա հետեւից: Եւ երբ Տէրը տեսաւ հաւաքուած բազմութեանը, գթաց նրանց եւ բժշկեց հիւանդներին: Երեկոյեան դէմ աշակերտները խնդրեցին Տիրոջից ժողովրդին ազատ արձակել, որպէսզի ուտելիք գտնեն: Քրիստոս նրանց պատուիրեց մարդկանց կերակրել: Սակաւ էր, սակայն, ուտելիքը, եւ Տէրը օրհնեց այն, ու հրաշքով առատացած հացը բաւարար դարձաւ, որպէսզի առաքեալները կերակրեն հաւաքուած ողջ բազմութեանը:

<<Այս հրաշագործութիւնը աստուածային շնորհներով, տէրունաւանդ ուսուցումներով քաղցեալ հոգիները յագեցնելու, նաեւ` գթասրտութեամբ կարիքաւորներին օգնելու խորհուրդն ունի, որը դարձաւ կարեւոր ծառայութիւններից Քրիստոսի սուրբ եկեղեցու առաքելութեան: Տէրը յորդորում է Իր հետեւորդներին հաւատքը կենդանի դարձնել գործերով, աղօթքին ու պաշտամունքին զուգակցել ողորմութիւնն ու գթասրտութիւնը, կարիքի ու նեղութիւնների ամոքումը, որոնցով առաքեալի խօսքի համաձայն` գործակից ենք Աստծուն (Ա. Կորնթ. Գ 9): Այս տեսիլքով եկեղեցու բազում մարգարէաշունչ հայրեր ու երանաշնորհ հայրապետներ, քաջ ու բարի հովիւներ, հաւատքի անթիւ վկաներ ու բարեպաշտ հաւատացեալներ դարեր շարունակ Քրիստոսի եկեղեցու պատմութեան էջերը պատկերագրել են Աստծոյ խօսքի նուիրեալ քարոզութեամբ եւ ողորմածութեան ու խնամատարութեան մեծագործութիւններով, որպէսզի մարդիկ զօրանան հաւատքով եւ հաւատքի գործերով վկայեն Աստծոյ ներկայութիւնը մարդկութեան կեանքում:

<<Այսօր առ Աստուած հաւատքը փորձութեան է ենթարկւում, եւ մարդկային հոգիները կարծրանում են ինչպէս նեղութիւնների եւ դժուարութիւնների մէջ, այնպէս եւ հարստութեան ու շքեղութեան, երբ անհաղորդ են հանապազօրեայ հացին կարօտեալ, ցաւի ու տառապանքի մէջ ապրող մարդկանց հոգսերին: Հաւատքը փորձութեան է ենթարկւում ծայրայեղական եւ այլ գաղափարախօսութիւններով, այլատեացութեամբ, մոլուցքներով, գայթակղութիւններով, անձնակենտրոն շահերով: Ուժգնանում են աշխարհիկացման ընթացքները, խաթարւում են հոգեւոր¬բարոյական ընկալումներն ու արժէքները, վտանգւում է ընտանիքի աստուածահաստատ կառոյցը: <<Փորձել կառուցել աշխարհ առանց Աստծոյ, աղաւաղել աստուածադիր օրէնքն ու պատուիրանները, այս է ժամանակակից կեանքի չարիքի արմատը, որն առաջ է բերում տնտեսական, քաղաքական, ընկերային, բնապահպանական ու տարաբնոյթ խնդիրներ, որոնք օրէցօր խորանում են` սպառնալով մարդկութեան բնականոն կեանքին:

<<Այսուհանդերձ, աշխարհը չի դադարում լինել կենտրոնը աստուածային սիրոյ եւ խնամատարութեան: Տէրը շարունակում է ձայնել. <<Ես եմ կենաց հացը, ո՛վ դէպի Ինձ գայ, քաղց չի զգայ, եւ ո՛վ Ինձ հաւատայ, երբեք չի ծարաւի>> (Յովհ. Զ 35): Տիրոջ քաղցր վարդապետութիւնը ճաշակածը խոնարհւում է ընկածին բարձրացնելու, մարդկանց սրտերում յոյսն ու հաւատքը առատացնելու, հացի բազմացման հրաշքը կրկնելու` աջակցելով ու մխիթարելով կարիքաւորներին, հիւանդներին ու վշտացեալներին: Տէրունապատուէր այս ընթացքներով, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքները կենսագործելով է, որ բարին պիտի զօրանայ աշխարհում եւ յաղթահարուեն արդի մարտահրաւէրները: Բոլոր բարի գործերը արտայայտում են աստուածային խնամքը մարդկութեան ու աշխարհի հանդէպ` ըստ Տիրոջ խօսքի` <<արքայութիւնը ներսում, ձեր մէջ է>> (Ղուկ. ԺԷ 21), որի հաստատման համար եկեղեցիներն իրենց սպասաւորութիւնն են բերում աշխարհում:

<<Սիրելինե՛ր, այս օրերին Մեր հոգեւոր եղբօր` Ֆրանչիսկոս պապի հետ միասնական այցերով ու աղօթքներով վերստին հաստատեցինք, որ Քրիստոսի սուրբ եկեղեցին մէկ է աշխարհում Քրիստոսի Աւետարանի տարածման, արարչագործութեան հանդէպ խնամքի, համընդհանուր խնդիրներին դիմագրաւելու, Աստծոյ ստեղծագործութեան փառքն ու պսակը հանդիսացող մարդու փրկութեան կենսական առաքելութեամբ: Քրիստոսի եկեղեցու առաքելութեան անբաժանելի մասն է ազգերի եւ ժողովուրդների միջեւ ամրապնդումը համերաշխութեան, եղբայրութեան ու գործակցութեան, որի վկայութիւնն է այսօր սրբազան այս պատարագին մասնակցութիւնը Հայաստանում ազգային փոքրամասնութիւնների ներկայացուցիչների` ասորիների, պիելոռուսների, յոյների, վրացիների, հրեաների, եզիտիների, քիւրտերի, գերմանացիների, լեհերի, ռուսների, ուքրանիացիների, ովքեր մեր ժողովրդի հետ եղբայրական համակեցութեան մէջ իրենց նպաստն են բերում մեր երկրի զօրացմանն ու հասարակական կեանքի առաջընթացին:

<<Շնորհաշատ այս օրը գոհունակութիւն է Մեզ համար վերստին յայտնել Մեր շնորհակալութիւնը Ֆրանչիսկոս պապին եղբայրական իր այցի առիթով: Մենք եւ մեր ժողովուրդը միշտ պիտի աղօթենք Ձեզ համար, սիրեցեա՛լ եղբայր, եւ ի սէր մարդկութեան բարօրութեան ու խաղաղ կեանքի եւ Քրիստոսի սուրբ եկեղեցու պայծառութեան Ձեր ջանքերի համար: Թող Տէրը պահի Ձեզ կորովաշատ, օրհնի ու հաստատուն պահպանի մեր եկեղեցիները սիրոյ միութեան եւ գործակցութեան մէջ եւ պարգեւի եղբայրութեան վկայութեան նորանոր առիթներ: Ձեր ամէնօրեայ աղօթքներում յիշէք հայ ժողովրդին, հայոց երկիրն ու հայ եկեղեցին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը:

Աղօթական հոգով հայցում ենք Բարձրեալն Աստծոյ ամենախնամ Սուրբ Աջի պահպանութիւնն ու զօրակցութիւնը պատերազմներից ու ահաբեկչութիւններից տուժածներին, սովի, աղքատութեան եւ փորձութիւնների մէջ գտնուողներին: Հայցում ենք մեր Տիրոջ ամենառատ շնորհները մեր կեանքին եւ համայն աշխարհին: Ամէն>>:

Իր կարգին, Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Ս. Էջմիածինի մէջ մատուցուած պատարագին ընթացքին Հայաստան կատարած իր այցելութեան առիթով յղեց հետեւեալ խօսքը.

<<Այս շատ ցանկալի եւ ինծի համար արդէն անմոռանալի այցելութեան գագաթնակէտին, կ՛ուզեմ Տիրոջ բարձրացնել շնորհակալութիւնս` զայն միացնելով այս սեղանէն բարձրացած փառաբանական եւ գոհաբանական մեծ աղօթքին: Այս օրերուն, Ձերդ սրբութիւնը սեփական տան դռները բացաւ իմ դիմաց, եւ զգացինք, թէ <<ի՛նչ գեղեցիկ եւ որքա՛ն քաղցր է, որ եղբայրները միասին կը բնակին>> (Սղ 133,1):

<<Հանդիպեցանք, եղբայրաբար ողջագուրուեցանք, միասին աղօթեցինք, կիսեցինք նուէրները, յոյսերն ու մտահոգութիւնները, Քրիստոսի եկեղեցւոյն, որուն սրտին զարկերը միաձայն կը լսենք, եւ հաւատացած ենք եւ կը զգանք, թէ մէկ է: <<Մէ՛կ մարմին եւ մէ՛կ հոգի, ինչպէս որ մէ՛կ է ձեր յոյսը. մէ՛կ Տէր, մէ՛կ հաւատք, մէ՛կ մկրտութիւն: Մէ՛կ Աստուած եւ Հայր բոլորին, որ վեր է բոլորէն, բոլորին հետ եւ մեր բոլորին մէջ>> (Եփ. 4:4-6). իսկապէս կրնանք ուրախութեամբ մերը դարձնել Պօղոս առաքեալի այս խօսքերը:

<<Սուրբ Առաքեալներու յիշատակին հանդիպեցանք: Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս, որոնք առաջին անգամ քարոզեցին Աւետարանը այս աշխարհին մէջ, եւ Ս. Պետրոսն ու Ս. Պօղոսը, որոնք Հռոմի մէջ իրենց կեանքը զոհեցին Տիրոջ համար, մինչ երկնքի մէջ Քրիստոսի հետ կը թագաւորեն` վստահաբար կը հրճուին` տեսնելով մեր սէրն ու ժրաջան ձգտումը` ամբողջական հաղորդութեան:

<<Այս բոլորին համար շնորհակալ եմ Տիրոջ, ձեզի համար եւ ձեզի հետ. փառք Աստուծոյ: <<Այս Ս. պատարագի ընթացքին, հանդիսաւոր երեքսրբեանը բարձրացաւ երկինք` օրհնաբանելով Աստուծոյ սրբութիւնը: Ամենաբարձրեալի օրհնութիւնը առատօրէն թող իջնէ երկիր` Աստուածամօր, մեծ սուրբերու եւ վարդապետներու, մարտիրոսներու եւ յատկապէս բազմաթիւ նահատակներու բարեխօսութեամբ, որ անցած տարի այս վայրին մէջ սրբադասեցիք:

<<Միածինը, որ այստեղ իջաւ, թող օրհնէ՛ մեր ճամբան: Սուրբ Հոգին թող բոլոր հաւատացեալներուն պարգեւէ մէկ սիրտ, մէկ հոգի. մեզի այցելէ միութեան մէջ վերահաստատելու: Այս պատճառով կ՛ուզեմ կրկին կանչել զԱյն իւրացնելով սքանչելի խօսքերէն ոմանք, որոնք ձեր Ծէսին մէջ մուտք գործած են: Եկո՛ւր, Հոգի, Դուն <<որ բարեխօս ես մեզի համար, անմռունչ հեծութիւններով ողորմած Հօր մօտ, որ սուրբերուն կը պահես եւ մեղաւորներուն կը մաքրես, թող իջնէ մեր վրայ քու սիրոյ եւ միութեան կրակը, եւ <<այս կրակով հալին մեր գայթակղութեան պատճառները>> (Հմմտ. Գրիգոր Նարեկացի, <<Մատեան ողբերգութեան>>, 33,5), նախ եւ առաջ միութեան պակասը Քրիստոսի աշակերտներուն միջեւ: Հայ եկեղեցին խաղաղութեամբ ընթանայ եւ մեր միջեւ խաղաղութիւնը կատարեալ ըլլայ:

<<Բոլորին մէջ թող ծնի միութեան հզօր ցանկութիւն, այնպիսի միութեան, որ պէտք չէ ըլլայ <<ո՛չ ենթարկութիւն մէկը միւսին, ո՛չ կլանում, այլ առաւել ընկալում բոլոր շնորհներուն, որ Աստուած տուած է իւրաքանչիւրին` ամբողջ աշխարհին յայտնելու համար փրկագործութեան մեծ խորհուրդը` իրագործուած Տէր Քրիստոսէն, Սուրբ Հոգիին շնորհիւ>> (Սրբազան հօր խօսքեր աստուածային ծիսակատարութեան ընթացքին, Ս. Գէորգ պատրիարքական եկեղեցի, Պոլիս, 30 նոյեմբեր 2014):

<<Սուրբերու յորդորները ընդունինք, լսենք խոնարհներուն եւ աղքատներուն ձայնը, ատելութեան բազմաթիւ զոհերուն, որոնք տառապեցան եւ իրենց կեանքը զոհեցին հաւատքի համար. ականջ դնենք նոր սերունդներուն, որոնք անցեալի բաժանումներէն անկախ ապագայ կը խնդրեն:

<<Այս սրբատեղիէն թող դարձեալ սփռուի ճաճանչափայլ լոյսը. այս երկրի լուսաւորիչին` ձեր Աւետարանի հօր` Ս. Գրիգորի հաւատքի լոյսին միանայ սիրոյ լոյսը, որ կը ներէ եւ կը հաշտուի: Ինչպէս առաքեալները Ս. Զատիկի առաւօտեան, տարակուսանքով եւ անվստահութիւններով հանդերձ, վազեցին յարութեան վայրը, նոր յոյսի երջանիկ արեւագալէն դիւթուած (հմմտ. Յվ. 20,3-4), նոյնպէս մենք եւս, այս Ս. կիրակի, կը հետեւինք Աստուծոյ կանչին` կատարեալ միութեան, եւ կ՛արագացնենք մեր քայլերը: Իսկ այժմ, Սրբութիւն, Աստուծոյ անունով, կը խնդրեմ, որ զիս օրհնէք, օրհնեցէ՛ք զիս եւ կաթողիկէ եկեղեցին, օրհնեցէ՛ք այս ընթացքը` դէպի կատարեալ միութիւն>>:

 

Խոր Վիրապի Մէջ




Եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը իր այցելութիւնը աւարտեց այցելելով Արարատեան դաշտավայրին մէջ գտնուող հայ ժողովուրդին եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ համար ամէնէն կարեւոր սրբավայրերէն մէկը` Խոր Վիրապ:

Պապն ու Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը այցելեցին Խոր Վիրապը ընդգրկող Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր անոնք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի վիհէն դուրս բերուած լոյսով վառեցին կանթեղը, որ պապին կողմէ ընծայուեցաւ Խոր Վիրապին:

Ապա երկու հոգեւոր պետերը ուղղուեցան դէպի աստուածաշնչական Արարատ լեռը նայող դիտահարթակ, ուրկէ խաղաղութիւն խորհրդանշող աղաւնիներ արձակեցին դէպի լեռը:

 

Հրաժեշտ



Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը 26 յունիսի յետմիջօրէին աւարտեց առաջին քրիստոնեայ երկիր իր ուխտագնացութիւնը: Եռօրեայ այցելութիւնը ամփոփուեցաւ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, ուր կը գտնուէին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն ու առաջին տիկինը, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, հոգեւոր ու աշխարհիկ իշխանութիւններու այլ ներկայացուցիչներ:

Պատուիրակութիւններուն հետ տեղի ունեցաւ հրաժեշտի արարողութիւն: Հայաստանի նախագահը ձեռքսեղմումով հրաժեշտ տուաւ Հռոմի պապին եւ անոր ընկերակցած պատուիրակութեան  անդամներուն: Ֆրանչիսկոս պապը, իր կարգին, ցտեսութիւն ըսաւ հայաստանեան պատուիրակութեան: Հնչեցին Հայաստանի եւ Վատիկանի քայլերգները: Կարմիր գորգին վրայով պապը ուղղուեցաւ օդանաւ, ուրկէ ջերմօրէն հրաժեշտ տուաւ Հայաստանի նախագահին, բարձրացաւ օդանաւ եւ վերջին անգամ ըլլալով հայոց հողին վրայ օրհնեց հաւաքուածները:


comments

Advertisement