Իրաքեան բանակը կը վերագրաւէ Ֆալուճան

By Asbarez | Tuesday, 28 June 2016

Iraqi counterterrorism forces pose for a picture in Falluja, Iraq. REUTERS/Thaier Al-Sudani


ՖԱԼՈՒՃԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի Երկուշաբթի, Յունիս 27ին յայտարարեց, թէ իրաքեան բանակը վերագրաւած է Ֆալուճա քաղաքը, զայն ազատագրելով <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան լուծէն։

Ամերիկեան օդուժին աջակցութեամբ կարելի դարձած այս իրագործումը կրնայ նախաքայլը ըլլալ Մոսուլը վերագրաւելու գործողութեան։

Իրաքեան բանակը կը շարունակէ ռազմական իր գործողութիւնները, քաղաքի արեւմտեան արուարձաններուն մէջ մեկուսացուած մօտաւորապէս 150 ահաբեկիչները չէզոքացնելու համար։

 


comments

Advertisement