Լիբանանի ապագան ու ճակատագիրը կարելի չէ անջատել Սուրիայէն եւ Իրաքէն. Նասրալլա

By Asbarez | Tuesday, 28 June 2016

0628Nasralla

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - Յունիս 26ին, լիբանանեան <<Հըզպալլա>> կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց. <<Լիբանանի ապագան ու ճակատագիրը կարելի չէ անջատել Սուրիայէն եւ Իրաքէն>>: Ան խօսեցաւ Իրաքի օգնութեան հասած <<Հըզպալլա>>ի անդամներուն մասին, շեշտելով, որ եթէ <<Հըզպալլա>> եւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը չհասնէին Իրաքի աջակցութեան, ապա <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութիւնը հաւանաբար հասած պիտի ըլլար Պաղտատ, երկիրը վերածելով խալիֆայութեան:

Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ <<Հըզպալլա>>ի գործունէութեան, նշելով, որ հիմնական մեծ կռիւը տեղի կ՛ունենայ Հալէպի մէջ, ուր մեծ թիւով զինեալներ եւ ահաբեկիչներ հաւաքելու թրքական-սէուտական որոշում տրուած է:

<<Հալէպի մէջ մղուող այսօրուան պատերազմը եւ այդ պատերազմին մեր մասնակցութիւնը Սուրիոյ մնացեալ շրջաններուն, Դամասկոսի, Լիբանանի, Իրաքի եւ Յորդանանի պաշտպանութեան նպատակով են>>, ընդգծեց Նասրալլա:

Ան աւելցուց, որ Ծոցի երկիրներուն հովանաւորութիւնը վայելող արաբական մամուլին մէջ <<Հըզպալլա>>ի մարդկային եւ նիւթական կորուստներուն մասին տեղեկութիւնները չափազանցուած են եւ անոնք հոգեբանական պատերազմին մաս կը կազմեն:

Միւս կողմէ, ան քննադատեց <<Հըզպալլա>>ի դէմ ամերիկեան դրամատնային պատժամիջոցները եւ հաստատեց, որ <<Հըզպալլա>>ի ելեւմտական աղբիւրը Իրանն է, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիին, Իրանի նախագահին եւ կառավարութեան, որոնք տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնին կուսակցութեան:

 



comments

Advertisement