Պապը խոստացած է Ատրպէյճանցիներուն պատմել այն ճշմարիտին մասին, որ տեսած է

By Asbarez | Tuesday, 28 June 2016

0628popedeparture

Հռոմի Սրբազան քահանայապետ Ֆրանսիս պապը Հայաստան այցելութենէն ետք խոստացած է ատրպէյճանցիներուն պատմել այն ճշմարիտին մասին, որ տեսած է:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Հայաստանէն Վատիկան վերադառնալու ճանապարհին պապը պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն՝ ի թիւս այլոց անդրադառնալով նաեւ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին ուղղուած հաշտեցման կոչին: Լրագրողներէն մէկը հարցուցած է, թէ ի՛նչ պիտի ըսէ ան Ատրպէյճանին, երբ շաբաթներ անց այցելէ այդ երկիր:

<<Ես պիտի խօսիմ ատրպէյճանցիներուն հետ այն ճշմարիտին մասին, որ տեսած եմ, անոր մասին, ինչ զգացած եմ, եւ ես նաեւ պիտի քաջալերեմ զանոնք: Ես պիտի ըսեմ ձեզ հետեւեալը՝ փոքրիկ հողակտորի մը համար խաղաղութիւն չհաստատելը, որովհետեւ ատիկա մեծ խնդիր չէ, մութ բան մը կը նշանակէ, այնպէս չէ՞: Սակայն ես կ՛ըսեմ բոլոր հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն. հաւանաբար անոնք չեն կրնար համաձայնութեան գալ խաղաղութեան հասնելու ուղիներու հարցով, եւ այս խնդիրին շուրջ անոնք պէտք է աշխատին: Սակայն ես չեմ գիտեր, թէ ալ ի՛նչ ըսել… Այս պահուն ատիկա կը բխի իմ սիրտէն՝ միշտ դրականօրէն փորձել գտնել կենսական լուծումներ, որոնք առաջ կը տանին>>, ըսած է Հռոմի Ֆրանսիս պապը:

 



comments

Advertisement