Նալբանդեան Ամերիկացի  պաշտօնատարին կը ներկայացնէ սահմանի կացութիւնը

By Asbarez | Tuesday, 28 June 2016

0628nalbandian

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Յունիս 27ին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի՝ եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով փոխտեղակալ Պրիճիթ Պրինքը:

Ողջունելով հիւրը, Նալբանդեան գոհունակութիւն յայտնած է հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութեան բարձր մակարդակին գծով, ընդգծելով, որ վերջին տարիներուն համատեղ ջանքերով երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ դրական յառաջընթաց արձանագրուած է՝ լայն հնարաւորութիւններ ստեղծելով փոխգործակցութեան առաւել ամրապնդման ու ընդլայնման համար:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, Պրիճիթ Պրինք նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ բարձր կը գնահատեն Հայաստանի հետ գործընկերային յարաբերութիւնները եւ շահագրգռուած է անոնց յետագայ խորացմամբ: ԱՄՆ պետական քարտուղարի փոխտեղակալը յայտնած է, որ հայ-ամերիկեան համագործակցութեան օրակարգի վրայ առկայ հարցերու ցանկը հետզհետէ կ՛աճի:

<<Մենք կ՛անդրադառնանք հայ-ամերիկեան գործարար եւ առեւտրական կապերու խորացման, 2017ի գարնան կայանալիք ընտրութիւններուն ընդառաջ իրականացուող ընտրական գործընթացներու բարեփոխման ուղղուած աշխատանքներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած վերջին զարգացումներուն, Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդական ջանքերին>>, ընդգծած է ամերիկացի պաշտօնատարը:

Զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-ամերիկեան առեւտրատնտեսական փոխգործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն, միտքեր փոխանակած են առեւտուրի եւ ներդրումներու հայ-ամերիկեան խորհուրդի գործունէութեան, տնտեսական հարցերով հայ-ամերիկեան միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքներու վերաբերեալ:

Նալբանդեան Պրինքի հետ նաեւ քննարկած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման շուրջ բանակցային գործընթացի վերսկսման նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը: Այս առումով շեշտուած է Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման կարեւորութիւնը:

Պրիճիթ Պրինք հանդիպած է նաեւ Հայաստանի նախագահին:

 



comments