Պատերազմական ոճիրներու ամբաստանութեամբ Էրտողանի դէմ դատ բանալու դիմում՝ Գերմանիոյ մէջ

By Asbarez | Wednesday, 29 June 2016

0628erdo

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թրքական <<Ճումհուրիյէթ>> թերթը կը գրէ, թէ Գերմանիոյ մէջ բազմաթիւ իրաւագէտներ, իրաւապաշտպաններ, երեսփոխաններ, լրագրողներ ու գիտնականներ դատական դիմում ներկայացուցած են դատախազութեան, պահանջելով, որ դատ բացուի Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ։

Պերլինի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, այս դիմումին մասին տեղեկութիւն փոխանցած են Ժողովրդավարութեան եւ միջազգային իրաւունքի միութեան գործագիր խորհուրդի նախագահ, իրաւաբան Հէյք Կէյսուէյթ, իրաւաբաններ՝ Պրիթա Էտեր, Փեթրա Տերվիշա, Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երեսփոխան Ֆայսալ Սարըեըլտը եւ Պոլսոյ փաստաբաններու կաճառի անդամ Էրճան Քանար։

Դիմումի հեղինակները Գերմանիոյ դատախազութեան ներկայացուցած են 200 էջնոց դիմում մը, որուն մէջ Էրտողան կ՛ամբաստանուի պատերազմական ոճիրներ կատարելու եւ մարդկային իրաւունքներ խախտելու յանցանքներով։

Նոյն մեղադրանքը ներկայացուած է նաեւ երկու տասնեակ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, որոնց կարգին՝ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան զինուորականներու դէմ։

Դիմումին առանցքը կը կազմեն Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններու, գլխաւորաբար Շըրնաքի ու Ճիզրէի դէպքերը։ Այս գործին առընչակից վկաներու ցուցմունքները, դիմումին հետ միասին ներկայացուած են դատախազութեան։

Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան նախկին երեսփոխան, իրաւագէտ Մեհմետ Քըլըճ, մեկնաբանելով հարցի իրաւական երեսը, նշեց որ քաղաքական անձեռնմխելիութիւնը չի ջնջեր յանցանքը։ <<Այս դիմումը կրնայ հասնիլ մինչեւ Լա Հէյի միջազգային դատարան>>, ըսաւ ան, նշելով որ միջազգային բեմահարթակի վրայ Էրտողանէն ու անոր վարչախումբէն հաշիւ պահանջելու վճռակամութիւնը վերջերս աւելի լրջացած է։

 



comments

Advertisement