Փայլան Հրեաներու գերեզմանատան գծով հարցագիր ուղղեց ներքին գործոց նախարարին

By Asbarez | Wednesday, 29 June 2016

0628Paylan

ՊՈԼԻՍ - <<Մարմարա>> կը գրէ, թէ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան կրկին խորհրդարանին դիմած է, բողոքելու համար Հաթայի (Ալեքսանտրեթ) հրեաներու գերեզմանատան մէջ կատարուած քանդումներուն դէմ։

Հրեայ համայնքի անդամներ, որոնք Յունիս 19ին գերեզմանատուն գացեր էին, տեսած էին, որ գերեզմանատան դուռը եւ պատերը քանդուած են ու գերեզմանաքարերը կոտրուած։

Այս պատահարէն մեկնելով, Փայլան ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալայի ուղղեալ հարցագիր մը յանձնած է խորհրդարանին ու խնդրած, որ պատասխան տրուի հետեւեալ հարցումներուն.

  1. Գերեզմանատան մէջ կատարուած այս աւերումին համար որեւէ հարցաքննութիւն կատարուա՞ծ է։
  2. Կառավարութիւնը ինչպիսի՞ միջոցներու կը դիմէ երաշխաւորելու համար ապահովութիւնը շրջանի հրեաներուն ու քրիստոնեաներուն, որոնց թիւը մօտաւորապէս 3500 է։
  3. Գերեզմանատան աւերուած բաժիններուն նորոգութեան համար Հաթայի կուսակալութիւնը որեւէ քայլ պիտի առնէ՞։
  4. Ընդհանրապէս Թուրքիոյ տարածքին ինչպիսի՞ միջոցառումներ կ՛որդեգրուին հակասեմական յանցագործութիւններու դէմ։

<<Բնականաբար կը գնահատենք Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ գործող մեր հայազգի երեսփոխաններուն աշխատանքը ու արձագանգ կը հանդիսանանք անոնց կողմէ խորհրդարանի նախագահութեան յանձնուած հարցագիրներուն։ Գիտենք, թէ հարցումներ կ՛ուղղուին պատկան նախարարութիւններուն, բայց պատասխան կը ստացուի՞ այդ հարցումներուն, եւ եթէ կը ստացուի, ի՞նչ են այդ պատասխանները։ Այս մասին դժբախտաբար տեղեկութիւն չենք ստանար>>, կ՛եզրակացնէ <<Մարմարա>>։

 



comments

Advertisement