Ձեռք բերուած է կործանիչ օդանաւ. Պաշտպանութեան Փոխնախարար

By Asbarez | Wednesday, 29 June 2016

0629airforce

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Ազգային ժողովի արտակարգ նիստը սկսած է Հակաօդային պաշտպանութեան վերաբերող համաձայնագիրի վաւերացման հարցի քննարկումով:

Հիմնական զեկուցողը՝ պաշտպանութեան փոխնախարար Արա Նազարեան, նշած է, որ համաձայնագիրը ստորագրուած է Դեկտեմբեր 2015ին, Մոսկուայի մէջ, անոր նպատակն է Հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան տարածաշրջանին մէջ միաւորուած հակաօդային համակարգի ստեղծումը, եւ անոր մէջ կը մտնէ նաեւ կործանիչ օդանաւը։

<<Ժառանգութիւն>> խմբակցութեան պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեան դրական նկատած է այն, որ այս համաձայնագիրին մէջ Հայաստան բանակցած է այնպէս, որ ՀՕՊ համակարգը ունենայ իր հայ հրամանատարը: <<Հայաստանի ՀՕՊ հրամանատարը դուխ ունենալո՞ւ է ցանկացած պարագայում <<կրակ>> հրամանն արձակել՝ մտավախութիւն չունենալով, որ իրեն կը պատժեն>>, հարցուցած է պատգամաւորը:

Փոխնախարարը պատասխանած է, որ գործողութիւններուն մասին կը տեղեկացնէ ՀՕՊի պետը, որ իր կարգին որոշում կու տայ։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի վերջոյ, ի՞նչ նպատակ ունի Ռուսիոյ ու Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան միաւորուած համակարգի ներդրումը՝ ան ըսած է. <<Սա համաձայնագիր է, որը գործում է երկու պետութիւնների միջեւ, ու նպատակն այն է, որ երբ վտանգ լինի, ռազմական գործողութիւններ լինեն, պատերազմ սկսուի հայաստանեան սահմաններին, կարողանանք օգտագործել այս պայմանագիրը>>:

Նազարեան դիտել տուած է, որ պատերազմական պայմաններու մէջ այս համաձայնագիրի իսկապէս գործելու երաշխիքը այն է, որ արդէն ամրագրուած է, եւ կառավարման մեքանիզմը Հայաստան պէտք է իրականացնէ, բայց դեռ ռուսներն ալ պէտք է վաւերացնեն:

Պատգամաւոր Ստեփան Մարգարեան հարցուցած է, որ եթէ Հայաստանի օդային սահմանը հատեն, ո՞վ պիտի տայ վերջնական որոշումը, եթէ Հայաստանին ձեռնտու ըլլայ, բայց ոչ՝ Ռուսիոյ, եւ ի՞նչ կը նշանակէ, թէ այդ համաձայնագիրով կ՛աւելնան Հայաստանի կարելիութիւնները։

Արա Նազարեան պատասխանած է, որ ձեռք պիտի բերեն կործանիչ օդանաւ։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանի օդային սահմանին նուազագոյն ի՞նչ մակարդակի սպառնալիքի պարագային այս համաձայնագիրը պիտի գործէ եւ հակաօդային ուժերուն որքա՞ն մօտ ըլլալու պարագային՝ փոխնախարարը ըսած է. <<Հայաստանի  օդային սահմանի ցանկացած խախտում։ Կայ ընթացակարգ. պրոցեսը սկսւում է մինչեւ 50 կիլոմետրից>>:

Արձագանգելով այն դիտարկման, թէ կարծիքներ կան այն մասին, որ մեր կառավարումը դրուած է Ռուսիոյ տրամադրութեան տակ՝ Նազարեան հաստատեց, որ երբեք այդպէս չէ, կառավարումը կ՛իրականացուի 6րդ յօդուածի 3րդ մասին համաձայն:

<<Կառավարման գործառոյթը մեր հակաօդային պաշտպանութեան պետինն է: Կրկնում եմ՝ այս պայմանագրով աւելի է ուժեղանում մեր հակաօդային պաշտպանութիւնը: Հայաստանի օդային սահմանի նկատմամբ ոտնձգութեան դէպքում մենք օգտագործելու ենք Ռուսաստանի ռազմաբազայի միջոցները՝ ոչ միայն խոցման, այլեւ ինքնաթիռներ: Սա լրացուցիչ ռեսուրս է, որից չենք հրաժարւում>>, նշած է Նազարեան:

Կարծիք յայտնուած է այն մասին, թէ մենք կը տեսնենք, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կը բարելաւուին, արդեօք Հայաստանի պիտի կարենա՞յ օգտագործել ռուսական ուժերը՝ Ռուսիոյ դաշնակիցներ Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի դէմ։ <<Ռուսաստանի դաշնակից>> հասկացութիւնը յարաբերական է, քանի որ համաձայնագրով, եթէ մեր օդային սահմանը խախտուի, Հայաստանին իրաւունք է վերապահւում օգտագործելու>>, պատասխանած է փոխնախարարը։

Ի դէպ, Նազարեան նշած է նաեւ, որ համաձայնագիրը Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան հետ կապ չունի, սակայն Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխաւորն է:

 



comments

Advertisement