Յուլիս 5ին Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բաց քննարկում տեղի պիտի ունենայ

By Asbarez | Thursday, 30 June 2016

 

0630Yair-Auron

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - Երեքշաբթի, Յուլիս 5ին, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած բաց քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ Իսրայէլի խորհրդարանին (Քնեսեթ) մէջ, յայտնած է յայտնի պատմաբան, ցեղասպանագէտ Եայիր Օրոն, <<Զօրեան>> հիմնարկին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

Օրոն նշած է, թէ Իսրայէլ նախապէս կը խուսափէր Հայոց Ցեղասպանութեան հանրային քննարակումներէ եւ ազատ քուէարկութենէ, չնեղացնելու համար Թուրքիոյ կառավարութիւնը:

Քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ խորհրդարանին (Պունտեսթակ)ի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումէն մօտաւորապէս ամիս մը ետք:

<<Քննելով վերջերս Պունտեսթակի վաւերացուցած բանաձեւը, կարելի է քանի մը կարեւոր երեւոյթներ առանձնացնել: Ժամանակակից Թուրքիան մեղաւոր չէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար, սակայն Օսմանեան կայսրութեան բոլոր իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն օրինական իրաւայաջորդն է: Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փոխարէն, Թուրքիոյ իւրաքանչիւր ղեկավար ամէն ինչ կ՛ընէ փաստերը ժխտելու համար: Թուրքիա նաեւ կը շահագործէ իր զգալի աշխարհաքաղաքական, ռազմական ու տնտեսական լծակները, պարտադրելով այլ երկիրներու, որ միանան իր ժխտողական քաղաքականութեան>>, ըսած է Օրոն:

<<Ժամանակն է, որ Իսրայէլ պաշ-տօնապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ամէն տարի այս ժամանակ Քնեսեթը քննարկումներ կը կատարէ այդ հարցին շուրջ: Կան ազդեցիկ ձայներ, սակայն կառավարութիւնը թոյլ չի տար սկսելու քուէարկութեան: Թող այս տարին տարբեր ըլլայ: Թող Քնեսեթի մէջ ազատ քուէարկութիւն կատարուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կամ ժխտելու վերաբերեալ>>, եզրակացուցած է ցեղասպանագէտը։

 

comments