Արցախի գծով ճիշդ ճամբուն վրայ ենք. Շթայնմայեր

By Asbarez | Wednesday, 29 June 2016

0630Walter

ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>> - <<Երկու ամիս անցած է ռազմական բախումներէն, որոնց հետեւանքով երկու կողմերն ալ ունեցան զոհեր: Կողմերուն եւ ԵԱՀԿի համար պարզ դարձաւ, որ ներկայ իրավիճակը կարելի չէ երկար պահպանել, այլապէս պիտի մեծնայ ռազմական նոր գործողութիւններու վտանգը>>, Երեւանի մէջ Յունիս 29ին յայտարարեց Գերմանիոյի արտաքին գործոց նախարար եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր:

Ան ըսաւ, որ ԵԱՀԿը իր կարելին կ՛ընէ, որպէսզի Արցախի տագնապին համար գտնուի երկարատեւ լուծում եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ հակամարտող երկիրներու նախագահներուն հանդիպումները նպաստած են իրավիճակը հանդարտեցնելու ջանքերուն:

<<Կը կարծեմ, որ մենք ճիշդ ճամբուն վրայ ենք։ Այժմ պէտք է պահպանել այս իրավիճակը ու յառաջ շարժիլ: Անոր համար անհրաժեշտ են համանախագահներուն ջանքերը ու հակամարտութեան կողմերուն փոխզիջումներ կատարելու պատրաստակամութիւնը>>, աւելցուց ան:

Երեւանէն ետք ԵԱՀԿ գործող նախագահը Պաքու եւ Թիֆլիս պիտի այցելէ:

Շթայնմայեր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդոժարդ նալբանդեանի հետ ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց, որ  <<Առաջին հերթին պէտք է ապահովուի, որ զինադադարը նախկինին պէս գործէ, այնուհետեւ՝ իրականանայ պարոն Քասփըրչիքի գրասենեակի ընդլայնումն ու կարողութիւններու հզօրացումը, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուի այդ վերահսկողական մեքանիզմներուն վերաբերեալ>>:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, արձագանգելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջերս կատարած յայտարարութեան՝ այն մասին, որ ինք համաձայն է Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան, ինչպէս Նախիջեւանի պարագան է, ու իբրեւ թէ Ս. Փեթերպուրկի հանդիպման ընթացքին խօսած են այդ մասին, յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կար-գաւորման բանակցութիւններուն ընթացքին չէ քննարկուած եւ պիտի չքննարկուի Ատրպէյճանի կազմին մէջ Ղարաբաղի ինքնավարութեան հարցը:

<<Եռանախագահողները ամենաբարձր՝ նախագահների մակարդակով, մշտապէս նշել են, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը պէտք է որոշի ժողովուրդը ազատ կամարտայայտման միջոցով, որը պէտք է ունենայ միջազգային իրաւական ուժ: Սա է ասում Հայաստանը, սա են ասում եռանախագահող երկրները՝ ամենաբարձր մակարդակով>>, յայտնեց Նալբանդեան:

Երկու նախարարները նաեւ անդրադարձան Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Պունտեսթակի բանաձեւին:

Գերմանիոյ ներկայացուցիչին հարց տրուեցաւ- թէ. <<Դուք, որ աջակցած էք Պունտեսթակի Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման, ինչո՞ւ չէք արտասաներ <<ցեղասպանութիւն>> բառը>>, Շթայնմայեր պատասխանեց, որ այդ բանաձեւին իր աջակցութիւնը բերած ըլլալուն պատճառաւ ինք անհրաժեշտ չի նկատեր օգտագործել <<ցեղասպանութիւն>> եզրը: Ըստ անոր, պէտք է հաշուի առնել, որ այդպիսի խնդիրներ չեն յանգիր միայն մէկ բառի գործածութեան, պէտք է հաշուի առնել այն հանգամանքը, որ 101 տարի անց այդպիսի բանաձեւ մը ընդունուած է, անդրադարձ կը կատարուի պատմական սեփական փորձին: Ան նշեց, որ իր կարծիքով, պէտք է ՀՀ-Թուրքիա յարաբերութիւնները ըստ կարելւոյն բարելաւուին:  Ըստ իրեն՝ պէտք ուսումնասիրել նաեւ Գերմանական կայսրութեան կողմէ այդ ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններուն մասնակցութիւնը:

 


comments