By Asbarez | Friday, 01 July 2016
ՊԱՂՏԱՏ, <<Փրես Թի.Վի.>> - Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի Յունիս 30ին յայտարարեց, թէ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան հակակշիռին տակ գտնուող Իրաքի Մոսուլ քաղաքի ազատագրման գործողութեան պէտք չէ մասնակցութիւն բերեն Թուրքիոյ ուժերը:
Ապատի ազդարարած է, որ Թուրքիոյ միջամտութիւնը կրնայ տարածաշրջանի իրավիճակը աւելիով վատթարացնել, շրջանը առաջնորդելով դէպի եկարատեւ եւ արիւնալի պատերազմի։
<<Թուրքիա կը պնդէ, թէ որդեգրած է <<դրացիներու հետ զերօ խնդիրներ>>ու քաղաքականութիւն, սակայն Իրաքի մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչական յարձակումները կը կատարուին որոշ դրացի երկրներու միջոցով>>, աւելցուցած է Ապատի:
Միւս կողմէ, թրքական <<Տողան>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Իրաքի նախկին վարչապետ Նուրի Մալիքի, անդրադառնալով Պոլսոյ <<Աթաթիւրք>> օդակայանին մէջ տեղի ունեցած յարձակումին, յայտնած է, որ անիկա Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու առաջ իր դռները բանալու բնական հետեւանքն է:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ