Ներկայիս չի խօսուիր Արցախի մէջ ԵԱՀԿի խաղաղապահներ հաստատելու մասին. Մոսկուա

By Asbarez | Friday, 01 July 2016

0701lukasevich

ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - <<ՌԻԱ Նովոսթի>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ ԵԱՀԿի մօտ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ Յունիս 30ին յայտարարած է, որ այս հանգրուանին տակաւին չի խօսուիր Արցախի մէջ ԵԱՀԿի խաղաղապահներ հաստատելու մասին։

<<Կայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ 1990ականներուն հաստատուած խաղաղապահ գործողութեան հայեցակարգը: Բայց անիկա տագնապին կարգաւորման վերջնական փուլին համար նախատեսուած է եւ այժմ այդ գաղափարը չի առաջարկուիր, որովհետեւ տակաւին տագնապը կարգաւորուծ չէ: ԵԱՀԿ քարտուղարութեան մէջ կ՛աշխատի այսպէս կոչուած <<բարձր մակարդակի ծրագրումի խումբ>>ը, որ պարբերաբար կ՛արծարծէ  Լեռնային Ղարաբաղի  հակամարտութեան գօտիին մէջ ԵԱՀԿ հովանիին ներքեւ խաղաղապահ գործողութիւն կատարելու հաւանականութիւնը: Այսինքն, անիկա ԵԱՀԿի համար յստակ նախանշուած խնդիր է: Բայց ի՞նչ ուժերով պիտի իրականացուի, ի՞նչ տեսք պիտի ունենայ, տակաւին յստակ չէ: Տակաւին այդ բոլորը միայն քարտէսներու վրայ նշումներ են, որոնց հետ բաւական կանոնաւոր կերպով կը սկսին ծանօթանալու անդամ պետութիւնները>>, յայտնած է ռուս դիւանագէտը:

<<Նշեալ խումբը կ՛աշխատի ԵԱՀԿ նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի գրասենեակի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ սերտ համագործակցութեամբ եւ յաճախ կ՛այցելէ տարածք, դիրքերը զննելու եւ քարտէսի վրայ այդ խաղաղապահ ստորաբաժանումներուն տեղակայման հնարաւոր տարբերակները առաջարկելու համար: Վերջնական կէտը կարգաւորման սկզբունքներու համաձայնեցումն է, որմէ ետք կողմերը պիտի համաձայնին այդ խաղաղապահ գործողութեան բաղադրիչներուն շուրջ: Բայց այս մէկը շատ հեռաւոր հեռանկար է եւ դեռ շատ տեսական է, կարգաւորման սկզբունքներու շուրջ կողմերուն պայմանաւորուածութեան բացակայութեան պատճառով>>, ընդգծած է Լուքաշեւիչ:

Ան եզրակացուցած է, թէ ԵԱՀԿի համար այդ գաղափարը մեծ մարտահրաւէր պիտի ըլլայ, որովհետեւ ԵԱՀԿը երբեք չէ զբաղած խաղաղապահ գործողութիւններով:

 



comments