Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը միաձայնութեամբ ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը

By Asbarez | Saturday, 02 July 2016

France-parliament_70116

ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ կողմ քուէարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նախագիծին, զոր Խորհրդարանի քննարկման ներկայացուցած էր Ֆրանսայի կառավարութիւնը: Այս մասին <<Արմէնփրես>>ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեան:

<<Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորները միաձայնութեամբ կողմ քուէարկեր են կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծին, որուն մէջ կ՛առաջարկուի քրէականացնել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը: Նախագիծը Սեպտեմբերին պիտի  քննարկուի Ծերակոյտի մէջ, ուր հաստատուելէն ետք կրկին կը վերադառնայ Ազգային ժողով` վերահաստատուելու համար>>, ըսաւ Փափազեան` աւելցնելով, որ ժողովին ներկայ եղող բոլոր 21  պատգամաւորները կողմ քուէարկած են նախագիծին:

Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի բանաձեւին վրայ աշխատեր են Ֆրանսայի կառավարութեան եւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու իրաւաբանները: Բանաձեւը մշակուած է Ֆրանսայի Սահմանադրութեան համապատասխան եւ հայ համայնքի համար ընդունելի տարբերակով:

<<Ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծի>> բանաձեւը Ֆրանսայի կառավարութիւնը հրապարակած է 29 Յունիսին: Նշեալ փոփոխութեամբ կը նախատեսուի մէկ տարի ազատազրկում կամ 45.000 եւրոյի չափով տուգանք սահմանել Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ժխտելու համար: Ան աւելցուց, որ այժմ հայկական համայնքը պէտք է լուրջ աշխատանք տանի, որպէսզի նախագիծը հաստատուի նաեւ Ծերակոյտի մէջ` նկատել տալով, որ այդ ընթացքին Թուրքիան ալ իր լծակներով պիտի  փորձէ ամէն ինչ ընել` Ծերակոյտին  կողմէ նախագիծի հաստատումը կանխելու համար:

<<Թուրքիան, անշուշտ, չէր սպասեր, որ Ազգային ժողովը այսքան արագ նման որոշում տայ: Անոնք կը փորձէին ճնշում բանեցնել  կառավարութեան վրայ եւ նախագահ Հոլլանտէն կը պահանջէին յետս  կոչել օրինագիծը, սակայն ատիկա չեղաւ: Հիմա մենք պէտք է լուրջ ջանքեր գործադրենք, եւ ես համոզուած եմ, որ յաղթանակ կը տանինք>>, ըսաւ Փափազեան:

<<Այս տարուան 25 Յունուարին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն յանձնարարեց առաջարկել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի բանաձեւը, որ կը համապատասխանէ նաեւ Սահմանադրութեան: Հայկական կազմակերպութիւններու մասնագէտները աշխատեցան ֆրանսացի իրաւաբաններու հետ` մեզի համար ընդունելի եւ Սահմանադրութեան համապատասխանող բանաձեւ մշակելու համար: Նախագիծը հաւասար է հակացեղապաշտական եւ հակասեմական օրէնքներու բանաձեւերուն>>, ըսաւ Փափազեան: Անոր խօսքով` օրինագիծի բանաձեւին մէջ իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ կը նշուի Հայոց եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները:

 

 


comments