Ճան Քերի յորդորած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն՝ շարունակել խաղաղութեան գործընթացը

By Asbarez | Saturday, 02 July 2016

0702kerri

ԵՐԵՒԱՆ, <<Մետիամաքս>> - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Յունիս 30ին հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ, եւ ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակին, Քերի դրական գնահատած է այն փաստը, որ վերջին շաբաթներուն ընթացքին շփման գիծին եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ հրադադարը առաւելապէս կը պահպանուի։ Ան նաեւ նախագահներուն կոչ ըրած է խուսափելու լարուածութենէն՝ խաղաղութիւն հաստատելու  գործընթացը յառաջ տանելու համար:

<<Քերի նախագահներէն խնդրած է իրագործել ստանձնած պարտաւորութիւնները, ներառեալ՝ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած երկու միջոցառումները, որոնց մասին անոնք պայմանաւորուած էին Մայիս 16ին՝ Վիեննայի մէջ եւ Յունիս 20ին՝ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին: Նախարարը վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը՝ բովանդակային բանակցութիւններուն, որոնք կրնան համապարփակ լուծման բերել, եւ կոչ ըրած է նախագահներուն շարունակելու երկխօսութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիին ներքեւ>>, աւելցուցած է արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը։

Քերի-Սարգսեան զրոյցին մասին հաղորդագրութիւն տարածած է նաեւ ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը, նշելով, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 30ին, ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի հետ, անդրադառնալով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրներու միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն եւ մասնաւորապէս՝ Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած հանդիպումներուն ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին:

 

 



comments