Նոր Գիւղի <<Կիլիկիա>> շէնքը հրթիռակոծուեցաւ

By Yerakouyn | Sunday, 03 July 2016


2 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 3:15-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դիմացը գտնուող <<Կիլիկիա>> շէնքը։ Տեղւոյն բնակարանները, գործատեղիները, ինչպէս նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կառոյցը նիւթական վնասներ կրեցին։
Զոհեր եւ վիրաւորներ չարձանագրուեցան, կը հաղորդէ <<Գանձասար>>-ը։

comments