By Asbarez | Sunday, 03 July 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Ըստ գերմանական <<Պիլտ>> թերթին՝ Հենրիկ Մխիթարեան Տորթմունտի <<Պորուսիա>> խումբի մարզիչ Թոմաս Թուխելին պատգամ մը ուղարկած է՝ ըսելով. <<Ես գնում եմ <<Մանչեսթըր Եունայթըտ>>>>։
<<Պորուսիա>>ի գործադիր տնօրէն Հանս Եոախիմ Վացքեն նոյն թերթին ըսած է, թէ <<Մանչեսթըր Եունայթըտ>> առաջարկած է աւելի մեծ գումար տրամադրել Մխիթարեանի համար:
<<Իրավիճակը փոխուած է եւ անհրաժեշտ է հաշուի առնել տարբեր գործօններ, վերջնական որոշում տալէ առաջ>>, ըսած է ան՝ նշելով, որ մինչեւ յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը հաւանաբար վերջնական որոշում տրուի այս գծով:
Ըստ անգլիական <<Ինտիփենտըն>>չի՝ <<Մանչեսթըր Եունայթըտ>> Մխիթարեանին համար նախ 26 միլիոն փուանտ առաջարկած էր, իսկ հիմա գումարը բարձրացուցած է 35 միլիոն փուանտի։
Նշենք, որ եթէ համաձայնութիւնը վերջնականանայ, 27ամեայ Հենրիկ Մխիթարեան կրնայ դառնալ նախկին խորհրդային երկրներէն ամենասուղ ֆութպոլիստը Արեւմուտքի մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ