By Asbarez | Sunday, 03 July 2016

ՄԱՏՐԻՏ - Յունիս 30ին, սպանական Փայփորթա քաղաքը պաշտօնապէս ճանչցած եւ դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը տեղեկացնէ Սպանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը:
Փայփորթայի քաղաքապետական խորհուրդը եւ անոր մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերը միաձայնութեամբ կողմ քուէարկած են ներկայացուած հռչակագիրին:
Այս քայլով Փայփորթա միացաւ մօտաւորապէս 20 սպանական քաղաքներուն, որոնց քաղաքապետարանները Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող նման յայտարարութիւններ վաւերացուցած են:
Քաղաքապետական խորհուրդի նիստի աւարտին, հռչակագիրը ներկայացուցած <<Արարատ>> հայկական միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեան, միութեան եւ Սպանիոյ հայ համայնքին անունով շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետական խորհուրդին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ