By Asbarez | Tuesday, 05 July 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>> - Իսրայէլի խորհրդարանին (Քնեսեթ) մէջ Յուլիս 5ին կայացած մօտաւորապէս մէկ ժամեայ քննարկումէն ետք, խորհրդարանը 24 կողմ ձայնով հաւանութիւն տուաւ կառավարութեան ներկայացուցիչի առաջարկին, եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող ու դատապարտող բանաձեւը վերադարձուի Կրթութեան յանձնախումբին՝ վերամշակումի համար, ինչ որ հարցին քննարկումը ձգձելու մարտավարութիւն մըն է:
Այդ որոշումը հիասթափութիւն եւ զայրոյթ պատճառած է դահլիճին մէջ գտնուող հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հրեայ ականաւոր մասնագէտներուն մօտ:
Ելոյթ ունեցած տարբեր կուսակցութիւններ ներկայացնող բոլոր պատգամաւորները շեշտած են, որ 1915ին տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է, բերելով բազմաթիւ փաստեր: Սակայն, ամփոփիչ ելոյթով հանդէս եկած կառավարութեան ներկայացուցիչի խօսքէն ետք, ներկայ երեսխոխաններուն մեծամասնութիւնը համաձայնութիւն տուաւ հարցը քուէրակութեան չդնելու:
2015ի Յուլիս 8ին, Քնեսեթի Կրթութեան յանձնախումբը, քննելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի նախագիծը, որոշած էր դիմել խորհրդարանին, լիագումար նիստին ընթացքին զայն քուէարկութեան դնելու առաջարկով: Յուլիս 5ի որոշումը ցոյց կու տայ, թէ հարցը կը շարունակէ շրջիլ նոյն փակ շղթային մէջ:
Վերջին քանի մը օրերուն, թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու ջերմացման հետեւանքով, պատգամաւորներուն եւ Քնեսեթի ղեկավարութեան վրայ ճնշումները զգալիօրէն աճած էին, սակայն բանաձեւի նախագիծին հեղինակները, մասնաւորապէս՝ <<Մերեց>> կուսակցութեան պատգամաւոր Զահաւա Կալոն, որոշած էր չզիջիլ, Ցեղասպանութեան բանաձեւին քննարկումը պահելով խորհրդարանի օրակարգին վրայ: Սակայն, դէպքերուն ընթացքը ցոյց տուաւ, որ ստուերային աշխատանքը իր դերը խաղցած է:
Մինչ խորհրդարանին մէջ քննարկումը տեղի կ՛ունենար, հայութիւնը զօրակցական հանրահաւաք կազմակերպած էր խորհրդարանին առջեւ: Հաւաքին ընթացքին ելոյթներ ունեցան հրեայ պատմաբան Եայիր Օրոն, պատգամաւորներ Եայիր Ցապան, Մոշէ Ռազ եւ Այման Օտեհ:
<<Իսրայէլ կը շարունակէ մնալ անարդար երկրներու շարքին>>. որոշումը այսպէս մեկնաբանեց ՀՅԴ Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Սեւան, որ ներկայ էր քննարկման:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ