Հենրիխ Մխիթարեան միացաւ <<Մանչեսթեր Եունայթըտ>>ին

By Asbarez | Wednesday, 06 July 2016

0707henrik

ԵՐԵՒԱՆ <<Նիուզ>> - Երկարատեւ բանակցութիւններէ եւ ձգձգումներէ ետք, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան Չորեքշաբթի, Յուլիս 6ին պաշտօնապէս տեղափոխուեցաւ անգլիական <<Մանչեսթեր Եունայթըտ>>, անոր հետ կնքելով չորս տարուան պայմանագիր։

Ըստ ակումբի պաշտօնական կայքին, Մխիթարեան ըսած է, թէ միշտ երազած է խաղալ <<Մանչեսթեր Եունայթըտ>>էն:

<<Շատ հպարտ եւ ուրախ եմ միանալով <<Մանչեսթեր Եունայթըտ>>ին, որ միշտ հիացուցած է ինծի իր փառահեղ պատմութեամբ եւ հրաշալի համակիրներով: Անհամբեր կը սպասեմ աշխատանքի՝ մարզիչին եւ իմ նոր խմբակիցներուս հետ>>, <<Ֆէյսպուք>>ի իր էջին վրայ գրած է Հենրիխ Մխիթարեան:

Իր կարգին, մարզիչ  Ժոզէ Մորինիօ ըսած է, թէ այժմ խումբին միացած է Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ֆութպոլիստներուն քուէարկութեամբ լաւագոյն խաղացող ընտրուած Մխիթարեանը:

<<Ան լաւագոյնը ընտրուած է ոչ թէ համակիրներուն կամ լրագրողներուն կողմէ, այլ գործընկերներուն քուէներով, ինչ որ շատ արժէքաւոր է։ Մխիթարեան հրաշալի խաղացող է: Հիացած եմ անոր կօլերու քանակով, հակառակ անոր, որ յարձակող չէ, իսկ անոր կօլային փոխանցումներու քանակը կը վկայէ, որ Մխիթարեան ստեղծագործող է>>, ըսած է ան։

Մխիթարեանի նախկին խումբին՝ Տորթմունտի <<Պորուսիա>>ի գործադիր տնօրէն Հանս Եոախիմ Վացքէ ցաւ յայտնած է Մխիթարեանի հեռացումին համար, աւելցնելով. <<Չէինք սպասեր այսպիսի առատաձեռն առաջարկ Մխիթարեանի փոխանցման համար>>:

Յիշեցնենք, որ <<Մանչեսթեր Եունայթըտ>>ին միանալուն համար Մխիթարեան պիտի ստանայ 8 միլիոն եուրօ գքումար մը, իսկ գերմնական ակումբը՝ 42 միլիոն եուրօ: Մխիթարեանին տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ 12.5 միլիոն եուրօ։

Նշենք, որ 2013ին Մխիթարեան Ուքրանիոյ ախոյեան <<Շախտիոր<<>>ն գերմանական ակումբին միացած էր 27.5 միլիոն եուրօ արժած փոխանցման գինով:

 



comments