<<Քնեսեթը այս ձեւով կը քնացնէ հարցը>> Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւն

By Asbarez | Tuesday, 05 July 2016

default

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Իսրայէլի խորհրդարանին որոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծը Կրթութեան յանձնախումբին ուղարկելու վերաբերող, կը նշանակէ, որ հարցը <<կը քնացնեն>>։ Այս մասին յայտնած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դիւանապետ հայր Կորիւն:

<<Իսրայէլ ներկայիս կը փորձէ բարելաւել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, այդ պատճառով ալ Քնեսեթի մէջ հարցը չքննարկուեցաւ: Կը կարծեմ, թէ Քնեսեթը կ՛ուզէ քնացնել հարցը, ինչպէս անցած տարի եղաւ, երբ  յանձնաժողովի նախագահը յստակ առաջարկներ ներկայացուցած էր Իսրայէլի կառավարութեան՝ ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կրթութեան նախարարութեան՝ Ցեղասպանութեան նիւթը ներառել դասաւանդման ծրագիրին մէջ: Քնեսեթը այսօր քննարկեց, սակայն քուէարկութեան չդրաւ>>, յայտնած է հայր Կորիւն:

Յիշեցնենք, որ 5 Յուլիսին կը սպասուէր, որ Իսրայէլ քուէարկութեան դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:

 



comments