Բրիտանիոյ Իրաքի պատերազմին մասնակցելու Պլերի որոշումը կը դատապարտուի

By Asbarez | Thursday, 07 July 2016

 

0707brit

Իրաքի պատերազմին ընթացքին զոհեր տուած բրիտանացի ընտանիքներու անդամներ կը հետեւին տեղեկագիրին ներկայացման

ԼՈՆՏՈՆ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Իրաքի պատերազմին Բրիտանիոյ մասնակցութեան կապակցութեամբ 7 տարի առաջ սկսած հետաքննութեան արդիւնքները Յուլիս 6ին հրապարակուեցան, հաստատելով այն կասկածները, թէ երկիրը պատերազմի առաջնորդելու նախկին վարչապետ Թոնի Պլերի որոշումը հիմնուած է չհաստատուած տուեալներու վրայ, որոնք <<օրինականօրէն կասկածելի>> էին։

Տեղեկագիրը նաեւ պատերազմին Բրիտանիոյ մասնակցութիւնը— <<շատ վատ ծրագրուած եւ իրականացուած>> որակած է։

6000 էջնոց տեղեկագիրին հրապարակման ներկայ էին պատերազմին ընդդիմացողներ եւ պատերազմին ընթացքին զոհեր տուած բրիտանացի ընտանիքներու անդամներ, որոնցմէ մէկը <<աշխարհի ամէնավատ ահաբեկիչը>> որակած է Պլերը, իսկ ուրիշ մը վարչապետը <<պատերազմական ոճրագործ>> որակած է։

Այս տեղեկագիրին հիման վրայ, նշեալ ընտանքիները այժմ աշխատանքի սկսած են դատ բանալու նախկին վարչապետին դէմ։

 



comments